Իրան այսօր կը նշէ իսլամական յեղափոխութեան 39-րդ տարեդարձը: 1979 թուականի այս օրերուն Իրանցի ժողովուրդը ըմբոստացաւ շահին դէմ եւ աւելի ուշ երկրին մէջ հաստատուեցաւ շարիհաթի ճամբով երկիրը ղեկավարելու գործընթացը:
Նշենք, որ այսօր առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ հազարաւոր իրանցիներ փողոց դուրս եկած են իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու երկրի կառավարման ոճին եւ կառավարութեան:
Կը փոխանցուի նաեւ, որ այս առթիւ յատուկ խօսք պիտի արտասանէ երկրի նախագահ Շէյխ Հասան Ռուհանի, որ ելոյթ պիտի ունենայ «Ազատէ» հրապարակին վրայ:
Կը սպասուի նաեւ, որ Ռուհանի իր խօսքին մէջ անդրադարձ կատարէ Իրանը յուզող հարցերուն եւ միջին արեւելքի վերջին զարգացումներուն մասին: