«Իսլամական պետութիւն»ը յարձակում գործած է մարդատար կառքերու վրայ պատճառ դառնալով տասնեակ զոհերու։
«Արեւելք» այս մասին տեղեկութիւն քաղեց Սուրիոյ «Սանա» պաշտօնական լրատուական գործակալութիւնէն որ նաեւ նշած է, որ զոհերը քաղաքացիներ են։
Նշենք նաեւ, որ շրջանառութեան մէջ եղող լուրերուն համաձայն Տէր Զօրէն դէպի Թատմոր մեկնող երեք կառքեր թիրախ դարձած են ահաբեկչական գրոհի մը։ Կը նշուի նաեւ, որ զոհերուն թիւը անցած է 37-ը։
Իր կարգին «Ալ Մարսատ ալ սուրի» կայքը հաղորդած է, որ զոհուածները մաս կը բազմեն Սուրիոյ բանակի չորրորդ գումարտակին եւ զինուորները արձակուրդի համար կը մեկնէին դէպի Թատմոր։