image

Աշխարհի մէջ վարակակիրներու թիւը անցաւ 1 000 000-ը

Աշխարհի մէջ վարակակիրներու թիւը անցաւ 1 000 000-ը

COVID-19-ով վարակուածներու թիւը աշխարհի մէջ անցած է 1 միլիոնը։ Worldometers կայքի տուեալներու համաձայն, վարակուածներու թիւը հասած է 1 019 354-ի, որմէ 214 358-ը ապաքինուած են, 53 322-ը՝ մահացած է։

Նոր «Քորոնա» ժահրով վարակման ամենաշատ դէպքերը գրանցուած են Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ աւելի քան 245 000 մարդ։ Անցած օրուան ընթացքին մահացած է 522 մարդ։

Երկրորդ տեղը Իտալիան է՝ այնտեղ աւելի քան 115 000 վարակուածներ կան։ Համաճարակի սկիզբէն Իտալիոյ մէջ մահացած է 13 915 մարդ, անցած օրուան ընթացքին՝ 760 մարդ։