image

Աշխարհի մէջ «Քովիտ»ով վարակուածներու թիւը անցած է 118.2 միլիոնը

Աշխարհի մէջ «Քովիտ»ով վարակուածներու թիւը անցած է 118.2 միլիոնը

Աշխարհի մէջ 1 օրուան մէջ յայտնաբերուած է «Քորոնա» ժահրով վարակման աւելի քան 467 հազար դէպք: Այս մասին յայտնած  է RT-ն՝ յղում տալով Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան:

Նշուած է, որ ամբողջ աշխարհի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին յայտնաբերուած է «Քորոնա» ժահրով վարակման 467 362 դէպք:

Կազմակերպութեան տուեալներով՝ աշխարհի մէջ ընդհանուր առմամբ գրանցուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ վարակման 118 268 575 դէպք:

Միեւնոյն ժամանակ, կը հաղորդուի, որ Covid-19-ի հետեւանքով զոհերու թիւը հասած է 2 624 677-ի:

Աւելի վաղ ԱՀԿ-ի Ռուսաստանի ներկայացուցիչ Մելիթա Վույնովիչը յայտնած էր, որ «Քորոնա» ժահրային համավարակի երկրորդ ալիքը դեռ չէ աւարտած, սակայն զգալիօրէն անկում ապրած է: