image

Ասատ իշխանութեան վրայ պիտի մնայ» Գահաժառանգ Մոհամմատ Պըն Սըլման

Ասատ  իշխանութեան վրայ  պիտի  մնայ» Գահաժառանգ Մոհամմատ Պըն Սըլման
«Համոզումը ունիմ, որ Պաշշար Ասատ Իրանի լծակը պիտի դառնայ», այսպէս յայտարարծ է Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամմատ Պըն Սըլման իշխանը:
Գահաժառանգը, որ ԱՄՆ իր տուած այցելութեան շրջանակներուն մէջ հարցազրոյց մը տուած է «Թայմզ» պարբերականին նաեւ նշած է, որ Ամերիկեան ուժեր չպէտք է հեռանան Սուրիայէն, որովհետեւ «անոնք միակ արգելքն են շրջանին մէջ Իրանի   ծաւալապաշտական    գործելաոճին   դէմ»:  Սէուտցի   իշխանը  նաեւ  ըսած է, որ Իրանի նպատակն է «Շիիթ մահիկ»ը կեանքի կոչել եւ ճանապարհ  հարթել Թեհրանէն մինչեւ Պէյրութ այդ «մահիկ»ին մէջ ներառնելով Սուրիան եւ  Իրաքը:

Ան նաեւ յոյս յայտնած է, որ Սուրիոյ նախագահը ճիշդ կ'ըմբռնէ իրավիճակը եւ «տիկնիկ» չի դառնար  իրանցիներուն ձեռքը: