Արտակարգ պատահար մը գրանցուած է Երեւանի հիւսիսային պողոտայի վրայ գտնուող «Պըրկըր քինկ» ճաշարանին մէջ: Այս մասին տեղեկութիւնը տուած է ՀՀ «Արտակարգ իրավիճակների նախարարութիւն»ը: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ պայթումին հետեւանքով տուժած են ինը անձեր, որոնց մէկուն վիճակը ծանր է:
Ըստ նախնական տուեալներու պայթումը պատահած է կազի արտահոսքի հետեւանքով: