Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան, յուլիս 14-ին, Տոհայի մէջ առանձնազրոյց ունեցած է Քաթարի Պետութեան էմիր շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանիի հետ։ Այս մասին յայտնած են Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմէն։
Հանրապետութեան նախագահը իր խորին ցաւակցութիւնը յայտնած է Ալ Թանի ընտանիքին եւ Քաթարի ժողովուրդին՝ Քաթարի Հայր ամիր շէյխ Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանիի մահուան առիթով՝ մաղթելով տոկունութիւն եւ ուժ այս ծանր կորստեան պահուն։
Հանդիպման ընթացքին նախագահը արձանագրած է, որ շէյխ Համատ Ալ Թանիի հմուտ առաջնորդութեամբ իրականացուած լայնածաւալ բարեփոխումներու շնորհիւ Քաթարի Պետութիւնը սրընթաց զարգացում եւ վերելք ապրած է։ Նախագահ Խաչատուրեան բարձր գնահատած է նաեւ հայ-քաթարական յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ խորացման գործին մէջ շէյխ Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանիի ունեցած նշանակալի աւանդը։
Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է երկկողմ համագործակցութեան օրակարգի հարցերուն, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային զարգացումներուն։