Սիւնիքի մարզի մէջ 11 փետրուարին, եղանակային անբարենպաստ պայմաններու՝ զօրաւոր բուքի պատճառով արտակարգ իրավիճակ ստեղծուած է:
Shamshyan.com-ի հաղորդմամբ, Երեւան-Երասխ -Մեղրի ճանապարհի 205 քմ հատուածին՝ Սիսիանի վարչական տարածքին մէջ, ժողովուրդին յայտնի Իշխանասարի խաչմերուկին, ինչպէս նաեւ նոյն ճանապարհահատուածի 235 քմ-ին, Կորիսի վարչական տարածքին, 150-էն աւելի փոխադրամիջոցներ չեն կրնար տեղաշարժիլ:
«Շրջափակման» մէջ յայտնուած քաղաքացիները կ'ըսէին. «Կ'երթայինք զինուորական երդմնակալութեան, սակայն հասեր ենք Իշխանասար ու չենք կրնար հասնիլ Կորիս։ Ամբողջ գիշեր մնացելր ենք բաց երկինքի տակ։ Այս պահին ալ դեռ կը գտնուինք Իշխանասարի խաչմերուկին: Սպասողներու մէջ կան նաեւ երեխաներ, մեծահասակներ, նոյնիսկ յղիներ»:
Վարորդներուն մէջ մասն ալ Կորիսէն դէպի Սիսիան չեն կրնար հասնիլ։
Աղբիւրի տեղեկութիւններով ճանապարհը ձիւնէն մաքրելու աշխատանքին կը խանգարեն ուժեղ բուքը, ճանապարհը բանալէ ետք բուքը դարձեալ այդ մաքրուած ճանապարհը կը լեցնէ ձիւնի հաստ շերտով։