image

Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանն ու «Սենաքլ տը լա Լիւմիէր»-ը կը խորացնեն հոգեկան առողջութեան ոլորտի համագործակցութիւնը 


Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանն ու «Սենաքլ տը լա Լիւմիէր»-ը կը խորացնեն հոգեկան առողջութեան ոլորտի համագործակցութիւնը  


Լիբանանի հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան Երկրորդական Վարժարանին եւ «Սենաքլ տը լա Լիւմիէր» ընկերակցութեան միջեւ անցեալ ուսումնական տարեշրջանին ծաւալած համագործակցութեան արդիւնքները ամփոփուեցան գնահատողական հանդիպումի մը ընթացքին։ Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ արժեւորելու հոգեկան առողջութեան, բարեկեցութեան եւ դպրոցական ապահով միջավայրի ուղղութեամբ իրականացուած ծրագիրներու յաջողութիւնը, ինչպէս նաեւ քննարկելու յառաջիկայ տարեշրջանին համագործակցութիւնը ընդլայնելու ուղիները։

Ստորեւ այդ մասին  Վարժարանի   Տնօրէն Տիար Արամ Գարատաղլեանի  կատարած գրառումը՝ 

Անցեալ ուսումնական տարեշրջանին Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան Երկրորդական Վարժարանին եւ «Սենաքլ տը լա Լիւմիէր» ընկերակցութեան միջեւ ծաւալած արդիւնաւէտ համագործակցութենէն ետք, տեղի ունեցաւ գնահատողական հանդիպում մը՝ ընկերակցութեան նախագահուհի տիկին Սուրայա Ֆըրամ Պարուտի, գործադիր տնօրէն դոկտ. Ռաֆի Քէպգէեանի եւ ընկերակցութեան շարք մը աջակիցներու մասնակցութեամբ։

Հանդիպումին ընթացքին ամփոփուեցան համագործակցութեան արդիւնքները, որոնց շնորհիւ կազմակերպուած էին 70-է աւելի իրազեկման հանդիպումներ՝ հոգեկան առողջութեան, բարեկեցութեան, բռնարարքներու եւ դպրոցական ահաբեկման (bullying) կանխարգիլման թեմաներով։ Ծրագիրէն օգտուած էին վարժարանի աշակերտները, անոնց ծնողները եւ ուսուցչական կազմի անդամները։

Քննարկուեցան նաեւ նախաձեռնութիւնը յառաջիկայ ուսումնական տարեշրջանին ընդլայնելու եւ աւելի մեծ թիւով շահառուներու հասանելի դարձնելու կարելիութիւնները։ Աջակիցները իրենց գնահատանքը յայտնեցին նախաձեռնութեան շօշափելի ազդեցութեան համար՝ ընդգծելով անոր ներդրումը նոր սերունդներու առողջ զարգացման մէջ։

Այս առիթով պատիւ ունեցայ գնահատանքի յուշանուէր մը յանձնելու տիկին Սուրայա Ֆըրամ Պարուտին՝ ի նշան խոր երախտագիտութեան այն անկեղծ գործընկերութեան եւ շարունակական աջակցութեան, զոր ընկերակցութիւնը ցուցաբերեց մեր վարժարանին, ինչպէս նաեւ անոր հաստատ համոզումին համար, թէ հոգեկան առողջութիւնն ու ապահով դպրոցական միջավայրը մարդակերտման հիմնարար սիւներն են։