Ազգային ժողովի «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Արսէն Ճուլֆալաքեան յայտարարած է պատգամաւորական մանտաթը վար դնելու մասին: Ճուլֆալաքեան հանդէս եկած է յայտարարութեամբ, ուր, մասնաւորապէս, նշած է.
«Յարգելի՛ հայրենակիցներ, Յարգելի՛ գործընկերներ,
Կը ցանկամ տեղեկացնել, որ դիմած եմ ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ պր. Արարատ Միրզոյեանին պատգամաւորական մանտաթս վար դնելու կապակցութեամբ։
Նման քայլի հիմնապատճառը հանդիսացած է ՀՀ Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Սփորթի (ԿԳՄՍ) նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հետ ունեցած սկզբունքային անհամաձայնութիւնները անոր ենթակայութեան տակ գտնուող ոլորտներու ներկայ կառավարման մօտեցումներու վերաբերեալ: Կը կարծեմ, որ որդեգրած ուղին անհեռանկար է եւ պիտի չապահովէ նշեալ ոլորտներէն ներս առկայ խնդիրներու լուծումն ու զարգացումը: Հետեւաբար, նման պայմաններու տակ, իմ հետագայ գործունէութիւնը, վստահաբար, պիտի չծառայէ Ազգային Ժողովի պատգամաւորի, մեր պետութեան եւ քաղաքացիի շահերու արդիւնաւէտ պաշտպանութեան իմ առաքելութեան:
Հարկ կը համարեմ ընդգծել, որ ՀՀ Օրէնսդիր մարմնին մէջ իմ՝ շուրջ երկու տարուայ աշխատանքի ընթացքին, «Իմ Քայլը» քաղաքական կազմի հետ ունեցած եմ արդիւնաւէտ գործընկերային յարաբերութիւններ, որոնք տեղաւորուած են փոխադարձ յարգանքի, մասնագիտական հասուն քննարկումներու եւ արժանապատիւ մօտեցումներու միջակայքի մէջ: Շատ կարեւոր է, որ այս ընթացքին ձեւաւորուած են առողջ, գործընկերային, իսկ որոշ անձերու հետ նաեւ ընկերական յարաբերութիւններ, ու անհրաժեշտ նուիրումով մինչ օրս պայքարած ենք առկայ խնդիրներու լուծման համար:
Պատիւ է, որ հնարաւորութիւն ստացայ ծառայելու հայրենիքիս նաեւ օրէնսդիրի կարգավիճակի մէջ եւ կը ցանկայի, որ իմ՝ մանտաթէն հրաժարելու այս քայլը եւս դիտուի որպէս այդ ծառայութեան մէկ մաս, որպէս հերթական կարեւոր, մտահոգիչ ազդակ առ այն, որ զարգացումները Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Սփորթի ոլորտներէն ներս մեծ մասամբ սխալ ուղղութեամբ կ'ընթանան, հաշուի չեն առնուիր ոլորտներու ներկայացուցիչներու մասնագիտական կարծիքները, կը բացակային ոլորտներու զարգացման կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ տեսլականները, փոփոխութիւնները անհրաժեշտ արագութիւնն ու տրամաբանութիւնը չունին, քատրային քաղաքականութիւնը շատ յաճախ անհասկանալի է ու անձնաւորուած: Յետյեղափոխական Հայաստանի մէջ, ամէնէն շատ այս գերատեսչութեան ձախողութիւններու մասին խօսուած է, ուստի առաւել չմանրամասնեմ։
Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Ազգային ժողովի նախագահին, այն գերատեսչութիւններուն եւ պաշտօնեաներուն (անոնց կարգին ԿԳՄՍ-էն), որոնց հետ այս ընթացքին հնարաւոր եղաւ արդիւնաւէտօրէն աշխատելու եւ պայքարելու առկայ խնդիրներու լուծման համար։ Այն առարկայական եւ անաչառ լրատուականներուն, որոնք այդ ամէնը լուսաբանեցին։ Եւ ի հարկէ, շնորհակալ եմ ՀՀ քաղաքացիներուն եւ «Իմ Քայլը» դաշինքին ցուցաբերած վստահութեան համար։
Յարգանքով…
Յ.Գ. Զանգուածային Լրատուական Միջոցները կրնան օգտագործել այս յայտարարութիւնը, քանզի վերոնշեալ թեմայով այս պահուն առաւել ծաւալուելու նպատակայարմարութիւն չեմ տեսներ»։