image

Արսէն Արծրունիի հարցը դարձեալ օրակարգ կը բերուի

Արսէն Արծրունիի    հարցը  դարձեալ   օրակարգ  կը բերուի

   23 Տարիներէ  ի վեր  բանտարկուած   Արսէն Արծրունիի հարցը  դարձեալ     օրակարգի  թեմա  է: Դիմատետրի   վրայ     սկսած է գործել     էջ  մը, ուր           գրուած է, թէ   Արսէնը    յայտնուած  է   առողջական բաւական    ծանր  վիճակի մը մէջ  եւ   ան  պէտք է      յայտնուի   պայմանական ազատութեան  մէջ  բուժում ստանալու  համար: Յիշեցնենք, որ   Արծրունի 1994 թուականին   մահուան  դատապարտուած էր       եւ    տարիէի    ի վեր   կը  շարունակէ մնալ բանտին մէջ:Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ  մանրամասնօրէն  գրած  էինք  այս մասին ու յայտնած  Արսէնի   հիւանդութեան  ծանր  պայմաններուն , անոր առողջութեան  քայքայման   ու   բանտէն  դուրս գալու անհրաժեշտութեան մասին:

«Ազատութիւն Արսէն  Արծրունուն հիմա»    դիմատետրի  էջին  մէջ  մասնաւորապէս     կը կարդանք, թէ «1994 թուականէն սկսեալ Արսէն Արծրունին  դատապարտուած է մահուան եւ կը գտնուի բանտի մէջ: Վերջին ամիսներուն անոր առողջութիւնը կտրուկ վատացած է, ան կը տառապի տիֆուզ բազմահանգուցաւոր խպիպ II աստիճան հիւանդութեամբ (diffuse multinodular thyroid goiter II): Այս տանջալի հիւանդութիւնը, անոր կեանքի պայմանները տաժանակիր դարձուցած են եւ կը սպառնան անոր կեանքին: Հիւանդութիւնը բուժում ունի, բայց ոչ բանտային պայմաններու մէջ:

Բոլորին յայտնի է, որ արդէն 23 տարի եւ 2 ամիս (8455 օր) տեւած բանտարկութեան ընթացքին, Արսէնը աւելի քան պատշաճ վարքագիծ դրսեւորած է, սակայն այդ փաստը անտեսած է դատարանը եւ առանց հիմնաւորումներու մերժած է անոր ազատ արձակել՝ վաղաժամկէտ պայմանական ազատման իրաւունքի համաձայն: Գործը բողոքարկուած է եւ այն հիմա վերաքննիչ դատարանէն ներս անընդհատ կը յետաձգուի:

Բանտային իւրաքանչիւր օր, ամէն ժամ կը վատթարանայ Արսէնի առողջութիւնը:

Արդ, կոչ կ'ընենք Արսէնի հարազատներուն ու ընկերներուն, գիտակից ամէն անհատի միանալ այս էջին եւ օգնել դադրեցնել անպատասխանատու եւ վտանգաւոր սխալը:

Արսէնի ճակատագիրը մեզմէ իւրաքանչիւրի ձեռքն է: Վաղը կրնայ արդէն ուշ ըլլալ…»