23 Տարիներէ ի վեր բանտարկուած Արսէն Արծրունիի հարցը դարձեալ օրակարգի թեմա է: Դիմատետրի վրայ սկսած է գործել էջ մը, ուր գրուած է, թէ Արսէնը յայտնուած է առողջական բաւական ծանր վիճակի մը մէջ եւ ան պէտք է յայտնուի պայմանական ազատութեան մէջ բուժում ստանալու համար: Յիշեցնենք, որ Արծրունի 1994 թուականին մահուան դատապարտուած էր եւ տարիէի ի վեր կը շարունակէ մնալ բանտին մէջ:Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ մանրամասնօրէն գրած էինք այս մասին ու յայտնած Արսէնի հիւանդութեան ծանր պայմաններուն , անոր առողջութեան քայքայման ու բանտէն դուրս գալու անհրաժեշտութեան մասին:
«Ազատութիւն Արսէն Արծրունուն հիմա» դիմատետրի էջին մէջ մասնաւորապէս կը կարդանք, թէ «1994 թուականէն սկսեալ Արսէն Արծրունին դատապարտուած է մահուան եւ կը գտնուի բանտի մէջ: Վերջին ամիսներուն անոր առողջութիւնը կտրուկ վատացած է, ան կը տառապի տիֆուզ բազմահանգուցաւոր խպիպ II աստիճան հիւանդութեամբ (diffuse multinodular thyroid goiter II): Այս տանջալի հիւանդութիւնը, անոր կեանքի պայմանները տաժանակիր դարձուցած են եւ կը սպառնան անոր կեանքին: Հիւանդութիւնը բուժում ունի, բայց ոչ բանտային պայմաններու մէջ:
Բոլորին յայտնի է, որ արդէն 23 տարի եւ 2 ամիս (8455 օր) տեւած բանտարկութեան ընթացքին, Արսէնը աւելի քան պատշաճ վարքագիծ դրսեւորած է, սակայն այդ փաստը անտեսած է դատարանը եւ առանց հիմնաւորումներու մերժած է անոր ազատ արձակել՝ վաղաժամկէտ պայմանական ազատման իրաւունքի համաձայն: Գործը բողոքարկուած է եւ այն հիմա վերաքննիչ դատարանէն ներս անընդհատ կը յետաձգուի:
Բանտային իւրաքանչիւր օր, ամէն ժամ կը վատթարանայ Արսէնի առողջութիւնը:
Արդ, կոչ կ'ընենք Արսէնի հարազատներուն ու ընկերներուն, գիտակից ամէն անհատի միանալ այս էջին եւ օգնել դադրեցնել անպատասխանատու եւ վտանգաւոր սխալը:
Արսէնի ճակատագիրը մեզմէ իւրաքանչիւրի ձեռքն է: Վաղը կրնայ արդէն ուշ ըլլալ…»