image
Հրատապ լուրեր:

Արցախի մէջ վէճի արդիւնքով ծեծկռտուք. Բերման ենթարկուած է 15 հոգի

Արցախի մէջ վէճի արդիւնքով ծեծկռտուք. Բերման ենթարկուած է  15  հոգի

Ստեփանակերտի մէջ 1 յունիսին քաղաքացիներու ու ԱԱԾ յատուկ ջոկատայիններու միջեւ ծեծկռտուք տեղի ունեցած է. ձերբակալուած են 15 քաղաքացի:

 

Այս դէպքի մասին Արցախի ոստիկանութիւնը հաղորդագրութիւն տարածած է. «1 յունիսին ժամը 19:25-ին ոստիկանութեան Ստեփանակերտի քաղաքային վարչութեան հերթապահ մաս ահազանգ է ստացուել այն մասին, որ Ստեփանակերտ քաղաքի Բաղրամեան 2բ շէնքի դիմաց վիճաբանութիւն է տեղի ունենում:

 

Դէպքի վայր մեկնած գործադիր խումբը պարզել է, որ նոյն օրը ժամը 19:15-ի սահմաններում նշուած վայրում վիճաբանութիւն է առաջացել մի կողմից նոյն քաղաքի բնակիչներ՝ 1981թ. ծնուած Դ. Հ-ի, 1983թ. ծնուած Ա.Ա-ի, իսկ միւս կողմից 1985թ. ծնուած Մ.Մ-ի (ԱԱԾ ծառայող) միջեւ, որի ընթացքում կողմերը փոխադարձ հարուածներ են հասցրել միմեանց՝ պատճառելով մարմնական վնասուածքներ:

 

ԱՀ ոստիկանութեան ՔՀՎ ծառայողներու հետ համատեղ ձեռնարկուած միջոցառումներով, վիճաբանութեանը մասնակցելու կասկածանքով, ոստիկանութեան Ստեփանակերտի քաղաքային վարչութիւն բերման են ենթարկուել 15 քաղաքացիներ:

 

Նշանակուել է դատաբժշկական փորձաքննութիւն:

 

Նախապատրաստւում են նիւթեր ԱՀ գլխաւոր դատախազութեան յատուկ քննչական բաժին ուղարկելու համար»:

 

Արցախի ԱԺ պատգամաւոր Հայկ Խանումեանը նշած է, որ ծեծկռտուքը եղած է կենցաղային խնդրի շուրջ, իսկ միջադէպէն յետոյ բողոքի ցոյց տեղի ունեցած է, որու մասնակիցները պահանջած են պատժել ԱԱԾ աշխատակիցները:

 

Տասնեակ մարդիկ, վրդոված այս միջադէպէն, երեկոյեան ինքնաշրժներով փակած են Ազատամարտիկներու փողոցի ինքնաշարժներու կայանի դիմացի հատուածը։ Հաւաքուած մարդոց պահանջը ծեծկռտուքին մասնակցած յատուկ ջոկատայիններու ձերբակալութիւնն էր։ Բանակցելու եկած են բարձրաստիճան ոստիկաններ, պաշտպանութեան փոխնախարար Սամուէլ Կարապետեանը, պետնախարար Արայիկ Յարութիւնեանը եւ այլ պաշտօնեաներ։ Արայիկ Յարութիւնեանը հաւաքուած ամբոխին փոխանցած է Բակո Սահակեանի հաւաստիացումը այն մասին, որ մեղաւորները պիտի պատժուին, սակայն համաձայնութիւն կայացած է գիշերուան մէկի կողմերը եւ իշխանութիւններուն մինչեւ 11։00 ժամանակ տրուած է, որ յատուկ ջոկատայինները ձերբակալուին։ Ցուցարարները յայտնած են, թէ եթէ պահանջը չկատարուի կրկին պիտի փակեն փողոցը: