image

Առաքել Մովսիսեանը տեղափոխուած է ԱԱԾ

Առաքել Մովսիսեանը տեղափոխուած  է ԱԱԾ

Ազգային ժողովի ՀՀԿ խմբակցութեան նախկին պատգամաւոր, ՀՀԿ անդամ Առաքել Մովսիսեանը (Շմայս) Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցներու ուղեկցութեամբ քիչ առաջ տեղափոխուած է ԱԱԾ, կը յայտնէ armtimes.com-ը:

Խուզարկութիւնը տեւած է մօտ 2 ժամ: Առաքել Մովսիսեանի կինը՝ Նելլի Մովսիսեանը, կայքին ըսած է, որ ԱԱԾ-ականները յայտնած են, թէ անօրինական զէնք-զինամթերք կը փնտռեն:

Առաքել Մովսիսեանի առանձնատան խուզարկութեամբ յայտնաբերուած է 5-6 ատրճանակ եւ 2 հրացան, որ անոր կնոջ խօսքով, օրինական է:

Առաքել Մովսիսեանն այժմ ԱԱԾ-ի մօտ կը գտնուի, ան կը հարցաքննուի:

Առաքել Մովսիսեանի եղբայրը՝ Վոլոտիա Մովսիսեանը, յայտնած է, որ ԱԱԾ աշխատակիցները թոյլ չեն տուած առանձնատան դարպասներէն առաջանալ: Armtimes.com-ի հարցին, թէ՝ ինչ կարգավիճակով եղբօրը ԱԱԾ տարած են, պատասխանած է. «Նորմալ»: