Ազգային ժողովի ՀՀԿ խմբակցութեան նախկին պատգամաւոր, ՀՀԿ անդամ Առաքել Մովսիսեանը (Շմայս) Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցներու ուղեկցութեամբ քիչ առաջ տեղափոխուած է ԱԱԾ, կը յայտնէ armtimes.com-ը:
Առաքել Մովսիսեանի առանձնատան խուզարկութեամբ յայտնաբերուած է 5-6 ատրճանակ եւ 2 հրացան, որ անոր կնոջ խօսքով, օրինական է:
Առաքել Մովսիսեանն այժմ ԱԱԾ-ի մօտ կը գտնուի, ան կը հարցաքննուի:
Առաքել Մովսիսեանի եղբայրը՝ Վոլոտիա Մովսիսեանը, յայտնած է, որ ԱԱԾ աշխատակիցները թոյլ չեն տուած առանձնատան դարպասներէն առաջանալ: Armtimes.com-ի հարցին, թէ՝ ինչ կարգավիճակով եղբօրը ԱԱԾ տարած են, պատասխանած է. «Նորմալ»: