image

«Արամ Աթէշեան Սրբազանի թեկնածուութիւնը բնական է» Արա Գոչունեան

«Արամ Աթէշեան Սրբազանի թեկնածուութիւնը  բնական է» Արա Գոչունեան

Պոլսոյ մէջ հրապարակուող «Ժամանակ» թերթի խմբագիր Արա Գոչունեանի խօսքով՝ Սուրբ Յարութեան տօնէն ետք արդէն կը սկսի Պոլսոյ պատրիարքական ընտրութիւններու գործընթացը: Ան Tert.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ներկայացուցած է, որ նախ կը գումարուի կրօնական ժողով, որուն ընթացքին կ'որոշուի ընտրութիւններու ճանապարհային քարտէզը:

«Ներկայիս պատրիարքարանէն ներս անցումային շրջան է: Մտահոգութիւններ կային, թէ ինչպէս պէտք է իրականացնել այդ անցումային շրջանը, բայց Մեսրոպ պատրիարքի այս 11 տարիներու հիւանդութիւնը մեզ սորվեցուց՝ ինչպէս յաղթահարել նման դժուարութիւնները: Հիմա պատրիարքական ընտրութեան պէտք է երթանք պատրիարքի վախճանելուն պատճառով»,- ըսած է ան:

Հիմա, ըստ Արա Գոչունեանի՝ դժուարացնող հանգամանքներ ընտրութիւններու կազմակերպման գործընթացին չկան: Ան դեռ վաղ համարեց խօսիլ հաւանական թեկնածուներու մասին, բայց նշեց, որ նախորդող իրադարձութիւններու՝ տեղապահի ընտրութիւններու ժամանակ յայտնի դարձան այն բնական թեկնածուներու անունները, որոնք կրնային մասնակցիլ ընտրութիւններուն:

Ան չէ բացառած, որ համայնքին մէջ լարուածութիւն ըլլայ: Նկատած է, որ ցանկացած ընտրութեան պարագային լարուածութիւն կ'ըլլայ: «Այս տասը տարիներու ընթացքին եղած պառակտումները համայնքին ներքին համերաշխութենէն հեռացուցած են: Բայց կը կարծեմ, որ այս գործընթին պատասխանատւութիւն կ'ըլլայ»,- ըսած է ան:

Կրօնական ժողովէն ետք, ըստ Արա Գոչունեանի, կարեւոր է, որ երկրի իշխանութիւններուն պատշաճ կերպով դիմումներ ներկայացուին ընտրութիւններու հետ կապուած: «Այնպիսի գործընթաց է, որ պէտք է ամբողջութեամբ համաձայնեցուի պատկան իշխանութիւններուն հետ, եւ համակարգուած աշխատանք պէտք է իրականացուի, որ ընդունուի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ կողմէ եւ օրինական ընկալուի Թուրքիոյ իշխանութիւններու կողմէ»,- ըսած է ան:

Դիտարկման, թէ կը քննարկուի, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը ցանկան, որ իրենց համար ցանկալի թեկնածու ընտրուի, միջամտեն պատրիարքական ընտրութիւններու գործընթացին, ան արձագանգած է․

«Միշտ ալ նման իրավիճակներու մէջ նման քննարկումներ կ'ըլլան, սակայն հիմա չեմ կարծեր, որ նման բան ըլլայ: Պէտք է ամէն ինչ ընել, որ համայնքին մէջ ներքին ներդաշնակութիւն եւ համաձայնութիւն ըլլայ: Այն հարցերը, ուր պետութենէն կախում ունինք եւ ներքին համաձայնութիւն չունինք, մշտապէս յապաղումով կը լուծուին: Բայց եթէ իշխանութիւնները զգան, որ համայնքին մէջ կայ ներքին միասնութիւն, համայնքը կը սկսի համախմբուիլ, իրմէ կախուածը կ'ընէ»,- ըսած է ան:

Անդրադառնալով Պոլսոյ պատրիարքի փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանի հնարաւոր առաջադրման՝ Արա Գոչունեանը նշած է, որ տրամաբանութիւնը կը յուշէ, որ ան կ'առաջադրուի:

Դիտարկման, թէ ան հակասական տրամադրութիւններ կ'առաջացնէ համայնքին մէջ, Արա Գոչունեանը պատասխանած է․ «Անոր մասին կարծիքները, երբեմն, հակասական եղած են, բայց այդ այն պատճառով է, որ ան պատրիարքի փոխանորդ՝ գործի գլուխ ըլլալով, առաւել շատ կը քննարկուէր եւ կը քննադատուէր: Բայց այս գործընթացին, կը կարծեմ, մենք այլ մօտեցում պէտք է ունենանք․ ե՛ւ Արամ սրբազանի, ե՛ւ միւս սրբազաններու պարագային,  որոնք ալ ինչ-որ բացթողումներ ունեցած են, պէտք է որոշակի մօտեցումները փոխել, պէտք է անոնց նոր աչքով նայիլ, պէտք է անոնց դրականը ողջունել»:

Արա Գոչունեանը դժուարացած է ըսել, թէ արդեօք Արամ Աթէշեանին սատարողները համայնքին մէջ շատ կ'ըլլան:  Ան նշած է․ «Վերջին խօսքը ըսողը ժողովուրդն է, ան պէտք է երթայ թեկնածուներու շարքէն մէկուն ընտրէ: Ժողովուրդը պէտք է հաշուի առնէ, թէ ով ինչ ըրած է: Արամ Աթէշեանը կ'առաջադրուի թեկնածու, որովհետեւ ան փոխանորդի գործունէութեան ամբողջ շրջանին կը փորձէր անընդհատ արդարանալ եւ ցոյց տալ, թէ ինչպիսի անհնարինութեան մէջ կը գործէ:

Ան ամբողջ այս հատուածուին իր վրայ կը վերցնէր քննադատութիւնը, եւ հիմա ժամանակն է, որ իր ըրածի գնահատականը ստանայ: Ես վստահ եմ, որ Արամ Աթէշեանը իր թեկնածութիւնը կ'առաջադրէ, եւ այդ շատ բնական է, որովհետեւ մենք կը կարողանանք հասկնալ, թէ ինչպէս ժողովուրդը կը գնահատէ անոր 11 տարուան գործունէութիւնը»,- ըսած է ան: 

 


Նիւթը՝ «Թերթ.ամ»էն