image

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ մէկ ամիսով փակ պիտի պահէ իր վաժարանները

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ   մէկ ամիսով  փակ  պիտի  պահէ իր  վաժարանները

 Արաբական Միացեալ  Էմիրութիւններու       բոլոր  վարժարաններն ու  կրթական հաստատութիւնները  մէկ  ամիսով  փակ պիտի  պահեն  իրենց    դռները։

 

 Այս  մասին տեղեկութիւնը    հաղորդած է  Էմիրութեանց  կրթական  նախարարութիւնը  յաւելելով,  որ  այս  որոշումը   տրուած  է երէկ      գրանցուած  զարգացումներու լոյսին տակ։

 

 

 Կը նշուի  նաեւ, որ անցնող     քսանչորս  ժամուան  ընթացքին Էմիրութեանց   տարբեր   քաղաքներու մէջ «Քորոնո»-ով վարակուած   նոր   պարագաներ գրանցուեցան,  բան մը   որ պատճառ  դարձաւ    յաւելեալ մտավախութիւններու։