image

Հայաստանի մէջ նոր կուսակցութիւն՝ «Միացեալ Հայաստան», իսկ նախագահը՝ Երուանդ Թարվերդեան

Հայաստանի մէջ նոր կուսակցութիւն՝ «Միացեալ  Հայաստան», իսկ նախագահը՝ Երուանդ Թարվերդեան

10 Ապրիլին, տեղի ունեցաւ «Միացեալ Հայաստան» նորաստեղծ կուսակցութեան հիմնադիր համագումարը, որու ընթացքին կուսակցութեան նախագահ ընտրուեցաւ Երուանդ Թարվերդեան:

«Յաջողակ գործարար է, հասարակական աշխոյժ գործիչ», -համագումարին այսպէս ներկայացուցին Երուանդ Թարվերդեանը:

««Միացեալ Հայաստան» կուսակցութեան նպատակը ստեղծուած բարդ իրավիճակում ազգը համախմբելն է՝ ստեղծելով հզօր հայրենիք՝ ազատ քաղաքացիներով ու ամուր բանակով: «Միացեալ Հայաստան» կուսակցութեան հիմնադրումը հերթական մոտայիկ երեւոյթը չէ, այլ ինքնաբուխ անհրաժեշտութիւն»,- կուսակցութեան համագումարի ելոյթին յայտարարեց Երուանդ Թարվերդեան:

«Միացեալ Հայաստան» կուսակցութիւնը յաւակնած է մասնակցիլ յայտարարուած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն, եթէ անոնք կայանան: «Աւելին, «Միացեալ Հայաստան» կուսակցութիւնը մասնակցելու է Հայաստանում այսուհետեւ կայանալիք բոլոր համապետական ընտրութիւններին: Մենք երկրի կառավարման մէջ ունենալու ենք լայն մասնակցութիւն», -յայտարարեց Թարվերդեան:

Բացի այդ, ըստ նորաստեղծ կուսակցութեան նախագահին, կուսակցութիւնը ներկայացուած պիտի ըլլայ Ռուսաստանի Դաշնութեան, ԱՄՆ-ի եւ եւրոպական շատ մը երկիրներու մէջ: