ՄԱԿ-ի Պարենի համաշխարհային ծրագրի տնօրէն Տէյվիտ Պիզլի ըսած է, որ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ «Տահէշ» կազմակերպութեան փլուզումը, յանգեցուցած է Ափրիկէի Մեծ անապատի հարաւային կողմը ծայրայեղականներու կուտակման: Այս մասին կը հաղորդէ «Lebanon 24»ը, աւելցնելով, որ Պիզլիի կարծիքով, այս մէկը Եւրոպայի մէջ փախստականներու նոր ճգնաժամի պատճառ կրնայ դառնալ:
«Սուրիայէն փախուստի դիմած զինեալներէն շատերը յայտնուած են Ափրիկեան Մեծ անապատի հարաւային կողմը, ուր 500 միլիոն մարդ կ'ապրի»,- ըսած է Պիզլի՝ « The Associated Press»- ին, աւելցնելով, որ «Տահէշ» կազմակերպութիւնը այլ ծայրայեղական խմբաւորումներու հետ կը համագործակցի դժուարութիւնները յաղթահարելու համար:
Պիզլի շարունակած է. «Ես կը զգուշացնեմ Եւրոպայի ղեկավարները, որ անոնք կրնան մեծ անապատի հարաւային կողմէն եկող գաղթականներու մեծ ալիքի բախիլ, որ սուրիական հակամարտութեան պատճառով յառաջացած ալիքէն շատ աւելի մեծ կրնայ ըլլալ»: