image

«Ան կը մնայ մեր սրտերուն մէջ» հարիւրաւոր հայեր փրկած թուրք ենթասպայ՝ Քիւնէնի պատմութիւնը

«Ան կը մնայ մեր սրտերուն մէջ» հարիւրաւոր հայեր փրկած թուրք ենթասպայ՝ Քիւնէնի պատմութիւնը

Վտանգելով սեփական կեանքը՝ թրքական բանակի սպայ Ճեմիլ Քիւնէն քանի մը հարիւր հայ փրկած է ու աշխատանքի տեղաւորած զինուորական արհեստանոցներու մէջ։

Հերքելով քրիստոնեաներու ցեղասպանութիւնը՝ Թուրքիան նոյնպէս կ՚անտեսէ  իր այն հպատակաները, որոնք փրկած են հայերը, յոյներն ու ասորիները։ Անոցնմէ մէկուն՝ օսմանեան բանակի   ենթասպայ Ճեմիլ Քիւնէի մասին վկայութիւն տրուած  է քրտական արմատներով թուրք պատմաբան Ումութ Քիւրտը, որ կը դասաւանդէ Թէլ Աւիւի համալսարանին մէջ։ Ան քանի մը գիրք գրած է ե՛ւ այդ տարիներուն սպանուածներու, ե՛ւ սպանողներու մասին։ Independent–ի ուշադրութեան արժանացած է անոր յօդուածներէն մէկը, որ կը վերաբերի թուրք ենթասպայ Ճեմիլ Քիւնէին։

Քիւնէ ծնած է 1892 թուականին ներկայիս Սուրիոյ Աֆրին շրջանին մէջ, արաբ-քրտական ընտանիքի մէջ։ Ցեղասպանութեան տարիներուն ամուսնացած է հայուհիի հետ, չորս երեխայ ունեցած է, որոնց ե՛ւ արաբական, ե՛ւ հայկական անուններ տուած է` Պաքրի (Անդրանիկ), Մաազազ (Անահիտ), Մազիէթ (Տիանա) ու Նատիր (Նուպար)։

Առաջին համաշխարհային պատերազմէն առաջ Քիւնէն ընդունուած է Կոստանդնուպոլսոյ ռազմածովային ուսումնարան եւ աւարտած 1910-ին։ Այն ժամանակ Թուրքիան լաւ յարաբերութիւններ ունէր  Մեծն Բրիտանիոյ հետ, այդ պատճառով ուսումնարանը աւարտելէն ետք Ճեմիլը ուղարկած են Անգլիոյ հարաւը գտնուող Պէյսինկսթոթ քաղաքի Ճոն Թորնիքրոֆթի (John Thornycroft) շարժիչներու գործարան` ճարտարապետական հմտութիւններ ստանալու։

Առաջին համաշխարհայինէն առաջ ան մէկ այլ անարդար պատերազմի մէջ եղած էր, որուն ընթացքին սերպերը, պուլկարացիներն ու յոյները անկոչ հիւրերը կը քշէին Պալքաններէն։

Քիւնէն կ'ընէր այն, ինչ իրմէ կը պահանջուէր՝ կը կատարէր հրամանները։ Բայց երբ սկսաւ Հայերու  կոտորածը դէմ գնաց հրամանատարներուն, քանի մը հարիւր հայ փրկեց ու զանոնք տեղաւորեց իրեն վստահուած ռազմական արհեստանոցներուն մէջ։ Ան աշխատանքի տեղաւորեց մարդոց՝ փրկելով մահէ։ 25 տարի անց նոյնը ըրաւ Օսքար Շինտլըրը։ Քիւնէի ըրածը կրնար վատ աւարտ ունենալ, որովհետեւ Օսմանեան կառավարութեան հրամանով՝ հայեր փրկողները մահապատիժի  կ'ենթարկուէին, իսկ անոնց տուները՝ կ'այրուէին։

 

Արհեստանոցները տեղակայուած էին Եփրատի ափին գտնուող Ուրֆա քաղաքը։ Քիւնէի պատասխանատւութեան տակ էր թրքական զօրքերու նաւերու շինարարութիւնը։

Ան աշխատանքի կ՚առնէր  հայերը, որոնց Սուրիա ու Պաղեստին կը քշէին Ուրֆայով, սնունդ, դեղորայք ու հագուստ կը բաժնէր անոնց, կը փրկէր որբերն ու կիները, որոնց կը վաճառէին ստրուկներու շուկաներուն մէջ։

Աւելի ուշ Ումիթ Քիւրտ գտած է փրկուածներէն մի քանին։ Անոնցմէ մէկը եղած է այնթապցի լուսանկարիչ Յակոբ Մուրատեանը, որ հաստատուած է Հալէպի մէջ։ Պահպանուած են անոր հայրենի Այնթապի լուսանկարները Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք, երբ ֆրանսական ու հայկական ջոկատները որոշ ժամանակ քաղաքը պաշտպանած են Աթաթուրքի զօրքերէն։

Յակոբ Մուրատեանն ալ  քանի մը նման լուսանկար  ըրած է  ու ստորագրած: Այդ արհեստանոցներուն մէջ աշխատիլը փրկած է նաեւ դեղատան աշխատող, այնթապցի Սողոմոն Արեւեանը, ուսուցիչ Յակոբ Քալեմքերեանը եւ շատ ու շատ այլ մարդիկ։ Անոնք աշխատած են դարբնոցին մէջ, աղիւսներ շարած են շինարարական հրապարակներու մէջ, նաւեր ներկած են ու հագուստ կարած։

Ճեմիլը ապագայ կնոջ՝ Տիգրանուհիին, հանդիպած է 1915 թուականին, երբ աղջկան մօր ու կրտսեր քրոջ հետ մահուան տարած են։  Ումութ Քիւրտ գրած է, որ Տիգրանուհիի քոյրը մահացած է՝ չդիմանալով անմարդկային պայմաններուն։ Տիգրանուհիի հօր՝ բողոքական  կրօնաւոր  Կարապետը աքսորած են սուրիական Համա քաղաք։ Ան մահացած է ճանապարհին։

Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք, երբ թրքական դատարանը մահուան դատապարտեց Հայոց ցեղասպանութիւնը կազմակերպած յանցագործները, կոտորածի ժամանակ ողջ մնացած հայերը նամակ գրած են Կոստանդնուպոլսոյ հայ պատրիարքին, անգլիական ու ֆրանսական բռնատիրական իշխանութեան եւ պատմած, թէ ինչպէս փրկուած են Քիւնէի շնորհիւ եւ ինչու կարելի չէ կալանաւորել զինք։ Իսկ Քիւնէն ոչ միայն հայեր փրկած է, այլեւ գերի ինկած բրիտանացի ու ռուս զինուորներ։

Պատերազմէն ետք Քիւնէն Հալէպ գացած է ու ֆրանսական խնամատարութեան դէմ ելոյթ ունեցած է Սուրիոյ մէջ։ Այդ պատճառով յայտնուած է բանտը։ Յետագային գիրք գրած է իր այդ տարիներու կեանքիՆ մասին։ Քիւնէն մահացած է 1967 թուականին, Տիգրանուհին` 1986 թուականին (93 տարեկանին)։

«Հայերը իրենց  ընկերները չեն մոռնար»․ հալէպահայերը այս խօսքերով հրաժեշտ տուած են Տիգրանուհիին, որ կեանքէն հեռացած է ամուսինին մահէն գրեթէ 20 տարի անց։

Քիւրտ գրած է` ի հարկէ, ցեղասպանութեան ժամանակ հայեր փրկած Քիւնէն օգտուած է նաեւ անոնց աշխատանքի պտուղներէն, բայց անկախ ամէն ինչէ, ան կը մնայ հայերու սրտերուն մէջ: