Նախաձեռնութեամբ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ին հարիւրաւոր քաղաքացիներ այսօր կէսօրուան ժամերէն սկսեալ հասած են «Հանրապետութեան» հրապարակ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ News.am կայքէն։
Աղբիւրը նշեց, որ Երեւանի տարբեր հատուածներէն հարիւրաւոր քաղաքացիներ ժամանած են «Հանրապետութեան» հրապարակ պահանջելու համար Փաշինեանի հրաժարականը։
Նշենք նաեւ, որ երկրի ողջ տարածքով յայտարարուած է դասադուլ եւ գործադուլ։
Բողոքի հաւաքներ կը կատարուին նաեւ հայրենի այլ բնակավայրերու մէջ։
Իսկ «Հանրապետութեան» հրապարակին վրայ այս պահուն ելոյթ կ՚ունենան ընդդիմադիր կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք կը յորդորեն Փաշինեանին ժամ առաջ հեռանալ վարչապետի իր պաշտօնէն։