image
Հրատապ լուրեր:

Ամերիկեան Վըրճինեա նահանգը կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը

Ամերիկեան Վըրճինեա  նահանգը կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը

Ամերիկեան  Վըրճինեա նահանգը  ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը: Այս մասին  յայտարարեց նահանգի կառավարիչ Ըրլ Ռէյ Թոմպլին: Այսպիսով Վըրճինեան կը  հանդիսանայ ամերիկեան 44-րդ նահանգը, որ պաշտօնապէս կը ճանչնայ  Հայոց Ցեղասպանութիւնը:   Այս առթիւ    նահանգի  կառավարիչին  մէջ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ  խստօրէն  դատապարտուած է Օսմանեան կայսրութեան   կողմէ   հայերուն,  յոյներուն,  ասորիներուն եւ եզիտիներուն դէմ գործուած  բռնութիւնները  արարքները համարելով Ցեղասպանութիւն: Ըստ  Armenian weekly-ին   այս  բանաձեւի յաջողութեան  մէջ կարեւոր դեր  ունեցած են Ամերիկայի հայ դատի յանձնախումբի   փաստաբաններ  Համբարձում Գասպարեան,  Նանսի Թոլիվըր եւ Ամի Թոլիվըր: