Ամերիկեան Վըրճինեա նահանգը ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը: Այս մասին յայտարարեց նահանգի կառավարիչ Ըրլ Ռէյ Թոմպլին: Այսպիսով Վըրճինեան կը հանդիսանայ ամերիկեան 44-րդ նահանգը, որ պաշտօնապէս կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Այս առթիւ նահանգի կառավարիչին մէջ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ խստօրէն դատապարտուած է Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայերուն, յոյներուն, ասորիներուն եւ եզիտիներուն դէմ գործուած բռնութիւնները արարքները համարելով Ցեղասպանութիւն: Ըստ Armenian weekly-ին այս բանաձեւի յաջողութեան մէջ կարեւոր դեր ունեցած են Ամերիկայի հայ դատի յանձնախումբի փաստաբաններ Համբարձում Գասպարեան, Նանսի Թոլիվըր եւ Ամի Թոլիվըր: