image

Ամերիկացիները ձրի ծառայութիւն չեն մատուցեր, անոնք Սուրիա պիտի մնան երկար ժամանակով. Քիւրտ բանբեր

Ամերիկացիները ձրի ծառայութիւն չեն մատուցեր, անոնք Սուրիա պիտի մնան երկար ժամանակով. Քիւրտ բանբեր

  «Սուրիոյ հիւսիսային հատուածներուն մէջ տեղակայուած ամերիկեան ուժերը  երկար ժամանակով այստեղ պիտի մնան», այսպէս յայտարարած է Քիւրտ- դեմոկրատական ուժերու բանբեր Թալալ Սըլլո: Սըլլո, որ խօսած է «Ռօյթըրզ»ին նաեւ յայտնած է, որ «ամերիկացիները ձրի ծառայութիւն չեն մատուցեր եւ անոնց քրտական շրջաններուն մէջ մնալը ռազմավարական նպատակներ ունի»: Քիւրտ պատասխանատուն նաեւ  հաւանական նկատած է, որ Սուրիոյ «Քոպանի» քաղաքը ամերիկեան ուժերու գլխաւոր զօրակայանը դառնայ եւ այն գայ փոխարինելու Թուրքիոյ մէջ գտնուող «Ինճիրլիք»ը:

    Ան նաեւ հաւաստած է, որ տեղեկութիւններ ունի, որ «Տահէշ»ի  պարտութիւնէն ետք ամերիկացիները մտադիր են տարբեր կարեւոր համարուած ճակատամարտերու մասնակցիլ:

 Նշենք, որ ամերիկեան բանակի մէկէ աւելի բարձրաստիճան պատասխանատուներ տարբեր առիթներով յայտարարած են, թէ ամերիկեան  բանակի Սուրիա մեկնած ստորաբաժանումները այնտեղ կը գտնուին երկարաժամկէտ ծրագիրներ իրականացնելու համար:

  «Ռօյթըրզ» կը յիշեցնէ, որ իրենց ունեցած տուեալներով սուրիական հողերուն վրայ այսօր կը գտնուի ամերիկեան զօրակայաններ, որոնց ամէնէն կարեւորը պիտի հանդիսանայ «Քոպանի»ի  զօրակայանը: