«Սուրիոյ հիւսիսային հատուածներուն մէջ տեղակայուած ամերիկեան ուժերը երկար ժամանակով այստեղ պիտի մնան», այսպէս յայտարարած է Քիւրտ- դեմոկրատական ուժերու բանբեր Թալալ Սըլլո: Սըլլո, որ խօսած է «Ռօյթըրզ»ին նաեւ յայտնած է, որ «ամերիկացիները ձրի ծառայութիւն չեն մատուցեր եւ անոնց քրտական շրջաններուն մէջ մնալը ռազմավարական նպատակներ ունի»: Քիւրտ պատասխանատուն նաեւ հաւանական նկատած է, որ Սուրիոյ «Քոպանի» քաղաքը ամերիկեան ուժերու գլխաւոր զօրակայանը դառնայ եւ այն գայ փոխարինելու Թուրքիոյ մէջ գտնուող «Ինճիրլիք»ը:
Ան նաեւ հաւաստած է, որ տեղեկութիւններ ունի, որ «Տահէշ»ի պարտութիւնէն ետք ամերիկացիները մտադիր են տարբեր կարեւոր համարուած ճակատամարտերու մասնակցիլ:
Նշենք, որ ամերիկեան բանակի մէկէ աւելի բարձրաստիճան պատասխանատուներ տարբեր առիթներով յայտարարած են, թէ ամերիկեան բանակի Սուրիա մեկնած ստորաբաժանումները այնտեղ կը գտնուին երկարաժամկէտ ծրագիրներ իրականացնելու համար:
«Ռօյթըրզ» կը յիշեցնէ, որ իրենց ունեցած տուեալներով սուրիական հողերուն վրայ այսօր կը գտնուի ամերիկեան զօրակայաններ, որոնց ամէնէն կարեւորը պիտի հանդիսանայ «Քոպանի»ի զօրակայանը: