Իրանի ընդլայնման եւ Միջին Արեւելքի մէջ շրջաններ իր հսկողութեան տակ առնելու մասին իսրայէլեան վերջին նախազգուշացումներուն լոյսին տակ, իսրայէլեան լրատուամիջոցները հրապարակած են Թրամբի նախագահական ղեկավար կազմի մէջ եղող ԱՄՆ բարձր պաշտօնեայի մը յայտարարութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Lebanon 24»ը:
«The Jerusalem Post»ի համաձայն, Հետախուզական գործակալ Տէյվիտ Քաթլր զգուշացուցած է Իսրայէլի եւ «Հըզպալլա»ի միջեւ պատերազմի հաւանականութեան մասին, որուն մէջ կրնայ միջամտել Իրանը եւ ամբողջ տարածաշրջանը ներգրաւել հակամարտութեան մէջ:
Ուաշինկթընի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերու հիմնարկէն ներս խօսելով այս մասին, ան անդրադարձած է Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ «Տահէշ»ի յաղթելու ուղղութեամբ ԱՄՆ-ի ջանքերուն, նշելով, որ « «Տահէշ»ի դէմ պայքար երկակի պայքար է»:
Ան նաեւ յայտնելով, որ Իրանը, Ռուսիանը եւ «Հըզպալլա»ն «Տահէշ»ի դէմ կը պայքարին, ըսած է.«Մենք եւ մեր հակառակորդները կը պայքարինք նոյն թշնամիին դէմ, եւ արդիւնքով՝ մենք երկուքս ալ մեր բաժին խաղաղութիւնը կ'ուզենք հաստատել», աւելցնելով, որ «Հըզպալլա»ն եւ Իրանը օգտուողներէն են, եւ մէջբերելով Թրամբի յայտարարութիւնը, որ «Տարածաշրջանի մէջ անկայունութեան հիմնական աղբիւրը Իրանն է»: