image

Ալ Աքսա մզկիթի հիմքերը խախտելու համար միլիոնաւոր տոլարներ տրամադրուած են

Ալ Աքսա մզկիթի հիմքերը խախտելու համար միլիոնաւոր տոլարներ տրամադրուած են

Իսրայէլեան «Ետիհոթ Ահրոնոթ» թերթը բացայայտած է Աքսայի դէմ ձեռնարկուող ոտնձգութեան նախագիծը, որ նպատակ ունի մզկիթի արեւմտեան պատի հիմքերը փորել, այնտեղ հրէական հնագիտական իրեր գտնելու պատրուակով:

Թերթը փոխանցած է, որ նախագիծը նպատակ ունի Երուսաղէմը Իսրայէլին պատկանելու գաղափարը հաստատել, միաժամանակ զգուշացնելով, որ եթէ իսրայէլեան պետութիւնը նման արարքի արտօնութիւն տայ, այդ մէկը պատճառ պիտի դառնայ Արաբական Աշխարհի մօտ զայրոյթի բռնկման:

Թերթը նշած է նաեւ, որ նախագիծի տեւողութիւնը հինգ տարի է, եւ ըստ նախատեսուածին, անոր ծախսերը պիտի կազմեն 70 միլիոն տոլար:

Աղբիւրին հաւաստմամբ, գործի մեկնարկին համար իսրայէլեան Մշակոյթի նխարարութիւնը 3 միլիոն տոլար յատկացուցած է: