Ահաբեկչական գործողութեան մը հետեւանքով Յորդանանի գաղտնի սպասարկութեան 5 միաւորներ սպաննուած են: Այս մասին հաղորդեց լիբանանեան հեռատեսիլային կայան, որուն հաւաստմամբ դէպքը տեղի ունեցած է երկրի հիւսիսային հատուածին մէջ գտնուող «Ալ Պաքհա» գաղթակայանին մէջ, ուր կը գտնուի երկրի գաղտնի սպասարկութեան մէկ կեդրոնատեղին: Դէպքին առընթեր, ցարդ ոչ մէկ կողմ պատասխանատուութիւն ստանձնած է: