image

Աբրահամ Ռուսսո. Ուժեղ Ըլլանք, Որ Ճակատագիրը Նորէն Դաժան Չըլլայ Հայու Հանդէպ

Աբրահամ Ռուսսո. Ուժեղ Ըլլանք, Որ  Ճակատագիրը Նորէն Դաժան Չըլլայ Հայու  Հանդէպ

Անցնող օրերուն Հայաստան էր  հայ նշանաւոր երգիչ, ծնունդով Հալէպէն Աբրահամ Ռուսսոն: «Արեւելք» Ռուսսոյին հանդիպեցաւ  իր տեսահոլովակի նկարահանումներու ընդմիջումներուն եւ ունեցաւ  զրոյց մը, որու ընթացքին ան ըսաւ, որ  երկու տեսահոլովակ պիտի նկարահանէ Հայաստանի մէջ, եւ նաեւ Կիւմրիի մէջ ունեցած բարեսիրական համերգն էր հայրենիքի մէջ գտնուելու առիթը:


-Աբրահամ, ինչո՞ւ որոշեցիք Կիւմրի ունենալ համերգը:


-Խորհրդանշական էր Կիւմրիի համերգը: Իրենք ալ չէին հաւատար, որ երգիչ մը, Երեւան ելոյթ ունենալու փոխարեն, իրենց քով գացած էր: Ուրախ-տխուր առիթ էր: Համերգը երկրաշարժի տարելիցի յաջորդ օրն էր. քիչ մը մարդոց այդ տխուր յիշողութիւններէն կտրելու նպատակ կար, եւ նաեւ համերգն ինքը բարեսիրական նպատակով էր : Իրենք ալ գոհ մնացին, ես ալ:

Փետրուար կամ Մարտ ամսուն  յոյս ունիմ  նորէն գալ Հայաստան, տեսահոլովակի շնորհանդէսը ընելու. rուս երգչուհի  Սոկդիանայի հետ է զուգերգս (tուէթ): Մէկ կողմէն ալ  հայերէն ալպոմի վրայ կ’աշխատիմ,  միշտ երազած  եմ հայերէնով ալպոմ մը ձայնագրել, եւ անոր մէջ ալ երգ մը կայ, որը թերեւս տեսահոլովակի վերածուի: Այդ ամէն ինչը Հայաստանի հետ կապուած ծրագրեր են:


-Վերջերս ըսիք, որ Ձեր հայրենիքը Սուրիան չէ, այլ` Հայաստանը: Այդ մէկը  քիչ մը սիրտ շահելու պէ՞ս է, այն ամէնի հետ կապուած, ինչ ժամանակին ըսած էք Թուրքիոյ հաշւոյն:


-Սխալ բան մը չեմ ըսած: Մենք ամէնքս ալ, Սփիւռքի մէջ ապրողներս, Թուրքիայէն կ’ուգանք, բայց այդ մէկը չի նշանակեր, որ թուրք ենք: Թուրքիայէն սերիլը, այդ տարածքի սովորոյթներուն, ուտելիքներուն, ամէն ինչին մօտ ըլլալու մասին էր խօսքը: Երբ Թուրքիա գացի, ոեւէ մէկը չէր գիտէր` ինչ կայ իմ միտքս: Բայց ես կրցայ այնպիսի ազդեցիկ մարդոց հետ խօսիլ Հայ Դատի մասին, որ մինչեւ հիմա ոեւէ հայ գործիչ չէ խօսած: Ես  Էրտողանին, Մեւլութ Չաուշօղլուին ըսի`  մարդ պիտի բերեմ, որ  Հայ Դատի մասին պիտի խօսի: Ես ըրի այդ մէկը, ինքնաշարժի մէջը նստած իմ խօսքս ըսի, ան  ըսաւ` պատրաստ եմ տեսնուելու: Ես քաղաքական գործիչ չեմ, բայց վստահելի մարդ չգտայ, որ տանիմ եւ խօսէր այդ թեմայով:

Ինչ կը վերաբերի Սուրիային, ապա մի մոռնաք, որ մենք  Սուրիա  ստիպողաբար գացած ենք, մեր կամքը չէր այդ մէկը: 

Մենք բռնագաղթած ենք, քալելով երկար ճանապարհով, միլիոնաւորներու մէջ նաեւ`իմ հայրս ու մայրս, որ Այնթապ  ու Տիարպէքիր ծնած են: Սուրիան անոնք ստիպողաբար ընտրած են: Մեր հայրենիքը երբեք չէ եղած Սուրիան: Գաղթէն առաջ շատ քիչ հայեր կային հոն, գաղթէն վերջ է, որ բոլոր  հայերը գացին Սուրիա: Գացինք,   ժամանակաւոր ապրեցանք, բայց օրը այնպէս բերաւ, որ այսօր կրկին հայը գաղթի ճամբան բռնած է, նորէն` ստիպողաբար: Այլազգ հողի վրայ չես կրնար  կերտել քու ապագադ: Կրնաս  միայն այնտեղ, ուր սիրուած եւ ընդունուած ես:  Հայրենիքը երբէք քեզի չըսէր, որ դուն օտար ես: Որքան ալ ապրես Սուրիոյ մէջ, դուն  միշտ օտար պիտի  մնաս: Ես իմ ականջովս լսեցի 1990-ականներուն, երբ կ’ըսէին` ձեր հայրենիքը  դուք ստացաք,  ինչո՞ւ  դուք դեռ հոս էք, գացէք: Այն  ատէն  իմաստունը գիտցաւ, որ այսպիսի օր մը պիտի գայ, պիտի ջարդուին քրիստոնեաները Միջին Արեւելքի մէջ:  Իրենք քրիստոնէութեան ողնահարը կոտրտեցին, հայ ազգը նեղացաւ Աստուծմէ, դէմ ելան, ելան ըսին` ո՞ւր էիր Աստուած... Բայց մեծամասնութիւնը խաչերնին ձեռքերնին նահատակուեցան ի Սէր Աստծոյ,  եւ ցաւալի պիտի ըլլայ, որ ասկէ ետք այս ազգը կորսնցնէ իր հաւատաքը:


-Իսկ այսօր ինպէ՞ս կը տեսնէք հայութեան ճակատագիրը:


-Լացով եւ արցունքներով մարդ միայն կը դիտէ այն, ինչ կը կատարուի, նոյնիսկ Հռոմի Պապը պոռթկաց ըսելով` ալ կը բաւէ Աստծոյ անունով սպաննէք: Այն,  ինչ տեղի կ’ունենայ`  արդէն  տհաճութեամբ կը նայինք: Սուրիան ոտնակոխ եղաւ, մարդիկ իրենց ամէն ինչը կորսնցուցին, ամէն մարդու համար դիւրին չէ կորսնցնելը, կան մարդիկ հոգեւոր են, կ’ըսեն, որ Աստուած տուաւ, Աստուած առաւ, բայց մարդիկ կան, շատ ծանր կը տանին իրենց կորուստները:  

Ոչ  ոք այսօր չի կրնար կանխատեսել, թէ ինչ  պիտի ըլլայ  վաղը աշխարհի վիճակը: Աշխարհի վաղուան  օրը գաղտնիք մըն  է, չես կրնար այլեւս մարդկային խորհուրդներով հասկնալ:


՞նչ ունիք ըսելիք բազում սփիւռքահայերուն:


-Սփիւռքի մէջ ապրող մեր հայրենակիցներու հանդէպ  սէր  եւ   յարգանք ունիմ, այդպէս ալ մնացած է, բան մը չէ փոխուած, տարիները  սիրոյս վրայ սէր աւելցուցած են, յարգանքիս վրայ` յարգանք:  Դիւրին օրեր ունենան հայերը, իմաստուն թող ըլլան, ճակատագիրը նորէն թող սխալ չդառնայ հայու հաշւոյն, սեւ գիրերով թող  չգրուի պատմութիւնը, իսկ ատոր համար իրաւ մեծ իմաստութիւն է պէտք, որ հայը ունի, բայց պէտք է արթնցնէ իր մէջը:  Միշտ պէտք է յիշել, որ հայու ապաւէնը հայն է, մէկը դուրսէն գալով մեզի պիտի չ’օգնէ, մենք մեզի վստահինք, իրարու թիկունք ըլլանք եւ լաւ ինքնաբերաբար կը յայտնուին:    

 

 Լուսանկարը՝ «Արեւելք»ի