image

Երեւանի սխալները Մոսկուայի հանդէպ. Տարասով փակագծեր բացաւ

Երեւանի սխալները Մոսկուայի հանդէպ. Տարասով փակագծեր բացաւ

 

Երեւանի թոյլ տուած սխալները Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ պարտութեան յանգեցուցին պատերազմին: Այս մասին 5 ապրիլին «Նովոստի Արմենիա» գործակալութեան տուած հարցազրոյցի ժամանակ ըսած է ռուս քաղաքագէտ, Մերձաւոր Արեւելքի եւ Կովկասի երկիրներու խնդիրներու փորձագէտ Սթանիսլաւ Տարասովը:

Անոր խօսքով՝ Հայաստանը պէտք է ճիշդ եզրակացութիւններ ընէ պատերազմի արդիւնքներէն եւ, անկէ ելլելով, կառուցէ իր յարաբերութիւններն այնպիսի գործընկերոջ հետ, ինչպիսին Ռուսաստանն է:

«Արեւմուտքը, որ, ըստ տրամաբանութեան, պէտք է մասայական աջակցութիւն ցուցաբերէր ժողովրդավարական Հայաստանին, ընդհանրապէս կրաւորական էր: Այդ չարտայայտուեցաւ ո՛չ պատերազմի ժամանակ, ո՛չ ալ հիմա (օրինակ՝  2 միլիառ տոլարի կամ եւրոյի չափով օգնութեան տեսքով տնտեսութեան խթանման համար)»,-ըսած է ան:

Փորձագէտը նպատակայարմար կը համարէ եռակողմ յայտարարութեան դրոյթներու իրականացումը եւ տարածաշրջանին մէջ քաղաքական վստահութեան ձեւաւորումը (Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ):