Իրաքի մէջ ծաւալած դէպքերուն հետեւանքով 70 հայորդիներ հաստատուած են Եոզկաթ: Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Անգարայի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ հայորդիները Եոզկաթ հասած են մասնաւորապէս իրաքեան Մուսուլ եւ շրջակայից քաղաքներէն` խոյս տալով «Իսլամական պետութեան» սպառնալիքներէն: Մեր աղբիւրը հաղորդեց, որ այսօր Չորեքշաբթի 16, Դեկտեմբերին Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան Սէլինա Տողան իր պատկանած կուսակցութեան անդամներու պատուիրակութեամբ մը հասած է Եոզկաթ, մօտէն ծանօթանալու փախստական դարձած հայորդիներու ընդհանուր իրավիճակին: Մեր աղբիւրը նաեւ նշեց, որ հայ փախստականները, որոնք արդէն երկու առիթներով նախնական օժանդակութիւններ ստացած են ՄԱԿ-ի գաղթականներու յանձնախումբէն յառաջիկայէն նոյնպէս օժանդակութիւններ պիտի ստանան կառավարական մարմիններէ: