image
Հրատապ լուրեր:

Նախանշաններ կան, որ Ռուսիա կը պատրաստուի զօրահաւաքի․ Մաքրոն

Նախանշաններ կան, որ Ռուսիա կը պատրաստուի զօրահաւաքի․ Մաքրոն

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտարարած է, որ Ռուսիոյ մէջ կան շարք մը նշաններ, որոնք կրնան վկայել նոր լայնածաւալ զօրահաւաքի նախապատրաստութեան մասին։

TF1-ին եւ France 2-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին Մաքրոն ըսած է, որ Ռուսիոյ իշխանութիւնները, իր գնահատմամբ, կրնան պատրաստուիլ շուրջ 300 հազար մարդ զօրակոչելու՝ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը շարունակելու նպատակով։

«Սա մեզի համար բաւական հաւանական սերնար կը թուի։ Անոնք կը սպասէին իրենց ընտրութիւններուն, որոնք արդէն տեղի ունեցած են։ Այժմ հարցը այն է, թէ Ռուսիա այդ մասին պիտի յայտարարէ՞, թէ՞ ամէն ինչ պիտի կատարէ առանց հրապարակային յայտարարութեան», ըսած է Ֆրանսայի նախագահը։

Մաքրոնի խօսքով՝ Ռուսիոյ նպատակը կրնայ ըլլալ ամբողջ Տոնպասի գրաւումը։ Ան նաեւ նշած է, որ ռուսական կողմը ներկայ յառաջխաղացման թափը պահպանելու պարագային այդ նպատակին հասնելու համար կրնայ եւս 1.5-2 տարի պէտք ունենալ։

 

Միաժամանակ Մաքրոն յայտարարած է, որ պատերազմի ընթացքին Ռուսիոյ կորուստները, իր գնահատմամբ, հասած են շուրջ 1.2 միլիոն զոհերու եւ վիրաւորներու։