Հոլանտայի Մաստրիխտ քաղաքի հայ համայնքը Խաչվերացի տօնը նշած է հոգեւոր եւ համայնքային ջերմ մթնոլորտի մէջ։ Տօնական Սուրբ Պատարագին նախագահած է Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ եւ Վատիկանի մէջ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Գերշ. Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան, որ այդ օրերուն այցելած էր շրջանի հայ համայնքները։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակութեան հաղորդագրութենէն։
Մինչեւ Պելճիքայի Լիէժ քաղաք մեկնելը՝ Գերշ. Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան այցելեց Մաստրիխտի հայ առաքելական համայնքը։
Ի ուրախութիւն տեղի հայ հաւատացեալներուն՝ Սեպտեմբեր 13-ի Կիրակի առաւօտեան, Ս. Կարապետ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ Սրբազան Հայրը մատոյց տօնական Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։
Պատարագի աւարտին բոլորը համախմբուեցան եկեղեցւոյ սրահին մէջ՝ սիրոյ սեղանի շուրջ, ուր մատուցուեցաւ համայնքին կողմէ պատրաստուած աւանդական հարիսան։
Սրահին մէջ կը տիրէր ջերմ, ուրախ եւ տօնական մթնոլորտ մը, իսկ համայնքային այս գեղեցիկ հանդիպումը վերածուեցաւ հաւատքի վկայութեան եւ ազգային աւանդութիւններու պահպանման ուրախ առիթի։





