image

70 Հայեր Մուսուլէն Խոյս Տալով Հաստատուած Են Եոզկաթ

70  Հայեր  Մուսուլէն Խոյս Տալով Հաստատուած Են Եոզկաթ

 Իրաքի մէջ ծաւալած  դէպքերուն հետեւանքով 70   հայորդիներ   հաստատուած են Եոզկաթ: Այս մասին «Արեւելք»  իմացաւ  Անգարայի   իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ   հայորդիները   Եոզկաթ  հասած են   մասնաւորապէս իրաքեան Մուսուլ եւ շրջակայից քաղաքներէն` խոյս տալով «Իսլամական պետութեան»  սպառնալիքներէն: Մեր  աղբիւրը  հաղորդեց,  որ  այսօր   Չորեքշաբթի    16,  Դեկտեմբերին    Թուրքիոյ խորհրդարանի  հայ  երեսփոխան Սէլինա Տողան իր պատկանած  կուսակցութեան  անդամներու պատուիրակութեամբ մը հասած է Եոզկաթ,  մօտէն ծանօթանալու  փախստական դարձած հայորդիներու  ընդհանուր իրավիճակին:  Մեր աղբիւրը   նաեւ նշեց,  որ  հայ փախստականները, որոնք       արդէն երկու առիթներով նախնական օժանդակութիւններ ստացած են ՄԱԿ-ի  գաղթականներու      յանձնախումբէն  յառաջիկայէն նոյնպէս  օժանդակութիւններ պիտի ստանան     կառավարական մարմիններէ: