Ս. Խաչի պայծառակերպութեան տօնին առիթով, օրերս, Քեսապի Ս. Աստուածածին Եկեղեցին ապրեցաւ տօնական եւ հոգեւոր մթնոլորտ՝ հիւրընկալելով Քալիֆորնիայէն ժամանած քեսապահայ Տէր եւ Տիկին Ծերոն եւ Սոնա Թիթիզեանները։
Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դիմատետրեան էջէն, որ այս մասին մասնաւորապէս կը գրէ՝
Կիրակի, 13 Սեպտեմբեր 2026-ին, Քեսապի Ս. Աստուածածին Եկեղեցին մեծաշուք հանդիսութեամբ տօնախմբեց Ս. Խաչի պայծառակերպութեան տօնը։
Տօնին լուսաւոր խորհրդով համակուած՝ եկեղեցի այցելեցին Քալիֆորնիայէն ժամանած քեսապահայ՝ Տէր եւ Տիկին Ծերոն եւ Սոնա Թիթիզեանները։
Հարկ է նշել, որ Պրն. Ծերոն Թիթիզեանը կը հանդիսանայ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի անխօջ նուիրումով Ազգային Երեսփոխան եւ հայապահպանման նուիրուած մեծարժէք բարերար։
Թող Ս. Խաչին անպարտելի զօրութիւնն ու օրհնութիւնը միշտ հովանի ըլլան Թիթիզեան ընտանիքին եւ մեր բոլոր հաւատացեալներուն։