image

5 Երախտաւորներ, որոնք ուսանած են Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանին մէջ (Լուսանկարներ)

5 Երախտաւորներ, որոնք    ուսանած են    Էջմիածնի  Գէորգեան  Ճեմարանին մէջ (Լուսանկարներ)

Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանը Հայաստանի  մէջ  հիմնուած եւ մինչեւ օրս գործող ամենահին բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւնն է, զոր  1874 թուականին  հիմնադրած է Գէորգ Դ. Կոստանդնուպոլսեցի Վեհափառ Կաթողիկոսը:

Գէորգ Դ.  Պոլսեցի Կաթողիկոս 

19-րդ դարու վերջերէն ի վեր  հայ դպրոցի եւ մշակոյթի պատմութեան մէջ  առանձնայատուկ տեղ գրաւած Սբ. Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը թողած է իր աւանդը բոլոր բնագաւառներուն մէջ, բարձրացնելով հայ ժողովուրդի հոգեւոր ու մտաւոր մակարդակը բարձրագոյն Եւրոպական չափանիշներուն:

Մինչեւ ճեմարանի շրջանաւարտները հիմնադրէին Երեւանի պետական համալսարանը,  Գէորգեան ճեմարանը հայկական միակ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւնն էր, Հնդկաստանէն  մինչեւ Եւրոպա, Ռուսաստանէն մինչեւ Սուրիական անապատներ:

1866 թուականին Գէորգ Դ. Կոստանդնուպոլսեցի Կաթողիկոսը, հանդիպելով  Ալեքսանդր Բ. ցարին, արտօնութիւն կը ստանայ հիմնադրելու հոգեւոր կրթական հաստատութիւն։

Ճեմարանի շինարարութիւնը կը սկսի 1869-ին, բացումը կը կատարուի 1874-ին։ Ռուսաստանի լուսաւորութեան նախարարութեան վաւերացուցած կանոնադրութեամբ ճեմարանը ունէր երկու բաժին, դասարանական՝ 6-ամեայ եւ լսարանական՝ 3-ամեայ ուսուցմամբ եւ կու տար հոգեւոր բարձրագոյն կրթութիւն։

Ճեմարանի առաջին տեսուչը եղած է մեծ  ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսկիի եղբայրը, նշանաւոր հայագէտ Գաբրիէլ եպիսկոպոս Այվազովսկին։

1882 թուականին երբ ճեմարանին միացած է  Էջմիածնի ժառանգաւորաց դպրոցը, այն կոչուած է Ժառանգաւորաց հոգեւոր ճեմարան։ Հետագային հիմնադիրի անունով վերանուանուած է Գէորգեան ճեմարան։

Գէորգ Դ. Կոստանդնուպոլսեցիի օրօք շրջանաւարտներէն որեւէ մէկը կուսակրօն հոգեւորական չէ դարձած։ Ճեմարանին մէջ աւելի շատ իշխած է աշխարհիկ ոգին։

Բազմակողմանի ընդհանուր կրթութիւն տուող այս հաստատութեան մէջ դասաւանդուած են հայոց պատմութիւն եւ աշխարհագրութիւն, ընդհանուր պատմութիւն եւ աշխարհագրութիւն, հայ մատենագրութիւն, հայոց եւ օտար լեզուներ, բնագիտութիւն, տիեզերագիտութիւն, ուսողութիւն, Սուրբ Գիրք, եկեղեցական երաժշտութիւն, տրամաբանութիւն եւ այլն։

Շրջանաւարտները ներկայացուցած են աւարտական շարադրանք, զոր պաշտպանած են քննական յանձնաժողովի առջեւ, այնուհետեւ անոնք ձեռնադրուած  են կամ ուսումը շարունակած ռուսական եւ Եւրոպական բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու մէջ։

Տարբեր տարիներու ընթացքին ճեմարան դասախօսած են Մ. Աբեղեանը, Հ. Աճառեանը,  Ե. Թադեւոսեանը, Լէոն, Ս. Լիսիսցեանը, Ք. Քարա-Մուրզան, Կոմիտասը եւ այլք։  Դասախօսներու մէկ մասը ճեմարանի նախկին սաներն էին։

Այստեղ մշակուած  են հայկական դպրոցներու ուսումնական ծրագրերը, կազմուած  դասագրքեր ու ձեռնարկներ, գրուած  պատմագիտական, բանասիրական, մանկավարժական ու աստուածաբանական բնոյթի բազում երկեր, որոնցմէ շատերը հայագիտութեան մնայուն արժէքներ են։ Աւելի քան 50 տարի, Անդրկովկասի հայկական դպրոցներու ուսուցչական կազմը համալրուած  է ճեմարանի շրջանաւարտներով։

1917 թուականի  վերջերը, քաղաքական ու ռազմական անբարենպաստ պայմաններու հետեւանքով, ճեմարանը դադրեցուցած է դասաւանդութիւնը եւ շէնքը տրամադրած զինուորական հրամանատարութեան։

Այն շրջանին, երբ ճեմարանը փակուած էր, դասախօսները որոշիչ դեր խաղցած են Հայաստանի համալսարանի  ստեղծման գործին մէջ։ Ճեմարանի գրադարանի եզակի եւ հարուստ հաւաքածոն (45 հազար գիրք) դարձած է Հայաստանի ազգային գրադարանի եւ Մատենադարանի հիմնարար ֆոնտերէն։

20-րդ դարու սկիզբը, ճեմարանը ունեցած է 230 ձրիավարժ եւ 20 թոշակաւոր սաներ։ Ճեմարանը գործած է Էջմիածնի վանքի   եկամուտներու, ընդհանուր հանգանակութիւններու, նուիրատուութիւններու ու կտակներու միջոցով։ Վերատեսուչը կաթողիկոսն էր, որ գործերը վարած է ուսումնական խորհուրդի  եւ տեսուչի միջոցով։

1945 թուականի 1 նոյեմբերին Գէորգ Զ.  Չորեքչեանի  ջանքերով բացուած  է Էջմիածնի հոգեւոր ճեմարանը։

1995 թուականին  Ճեմարանի շէնքը, որպէս սեփականութիւն վերադարձուած  է Մայր աթոռին եւ հիմնովին վերանորոգուած։


2001-2002 ուսումնական տարեշրջանին, Գէորգեան Հոգեւոր ճեմարանը ստացած է  բարձրագոյն կրօնական հաստատութեան, ապա հետագային նաեւ Աստուածաբանական համալսարանի կարգավիճակ։

 

5 յայտնի հայեր, որոնք ուսում ստացած  են Գէորգեան ճեմարան 

Կոմիտաս (1869-1935)

Քէօթահիա ծնած Կոմիտաս (Սողոմոն Սողոմոնեան) նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի միջնակարգ դպրոցը։ Վեց ամսականին մօրը կորսնցուցած տղան, տասը տարեկանին կը զրկուի նաեւ հօրմէն։ Իր կեանքի մէջ շրջադարձային կը դառնայ 1881 թուականը։ 12-ամեայ Սողոմոնը, Քէօթահիոյ  հոգեւոր առաջնորդ՝ Գէորգ վարդապետ Դերձակեանը կը տանի Էջմիածին։ Գէորգ Դ Կաթողիկոսը հրահանգած էր, որ Գէորգ վարդապետը իր հետ Քէօթահիայէն որբ մը աշակերտ բերէ։ 20 երեխաներու միջեւ վիճակահանութեան արդիւնքին, բախտը կը ժպտի Սողոմոնին։  Ան կը ներկայանայ կաթողիկոսին, որ որբուկին հարցեր կու տայ, սակայն ան հայերէն չի հասկնար։ Երբ կաթողիկոսը կ'ըսէ, որ տղան այդտեղ ընելիք չունի, քանի որ չի գիտեր հայերէն, Սողոմոնը կը պատասխանէ, թէ եկած է սորվելու ու կը սկսի երգել «Լոյս Զուարթը»։  Երգած ատեն Սողոմոն կը նկատէ, թէ ինչպէս կաթողիկոսի աչքերէն արցունքներ կը գլորին։

«Ասոր Ճեմարան տարէք»,- կը հրամայէ Վեհը  իր դիւանապետին։

 

1881 թուականին Սողոմոնը Գէորգեան ճեմարանի ուսանող էր։

Հետագային ան իր «Ինքնակենսագրութեան» մէջ  կը գրէ.-

Ճեմարան մտած օրէս, երգիչ եւ Մայր Աթոռի  աչքի զարնող ձայնեղ մանուկներէն մէկն էի։ Երբ Գէորգ Դ Կաթողիկոսը կ'իջնէր վեհարանէն Մայր Տաճար, ես եւ իմ ձայնեղ ընկերս կը կանգնէինք Անոր աթոռին մօտ եւ այնպէս կ'երգէինք միայնակները։ Մեր երգելու ժամանակ ծերունի Հայրապետի արցունքները կը գլորէին թաւալելով երկար ու ճերմակ մօրուքի վրայով ու կը թաքնուէին փիլոնի ծալքերուն մէջ ։

 

Ճեմարանի ուսման առաջին տարին Սողոմոնը կը սորվի հայկական ձայնանիշերը՝ խազերը, զորոնք զարգացուցած էին 19-րդ դարուն, Համբարձում Լիմոնճեանը  եւ իր ուսանողները։ Սողոմոնը կը բացայայտէ  երաժշտութեան հանդէպ իր մեծ սէրը եւ կը սկսի ձայնագրել Էջմիածնի շրջակայքի գիւղերուն մէջ երգուող երգերը. գիւղացիները անոր տուած  էին «Նոթայի Վարդապետ» անունը։

 

Լեւոն Շանթ (1869-1951)

Պոլիս, գորգի վաճառականի ընտանիքի մէջ  ծնած Լեւոն Շանթը (Լեւոն Նահաշպետեան) վաղ հասակին զրկուած  է ծնողներէն։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Պոլսոյ Սկիւտարի ճեմարանը։ 1884-1891 թուականներուն ուսանած է էջմիածնի Գէորգեան ճեմարան։

 

Ճեմարանի տարիներուն արդէն Շանթ կը ստեղծագործէր։ Աւելին, ըլլալով ճեմարանի ուսանող, ան 1890 թուականին կը հրատարակէ իր բանաստեղծութիւնները եւ «Լերան աղջիկը» պոեմը, որոնց մէջ կեանքի եւ իտէալի հակադրութեան, պատրանքի եւ երազային սիրոյ գեղեցկութեան ռոմանթիքական կերպարները կ'իշխէին։

Գէորգեան ճեմարան ստացած ութնամեայ կրթութիւնը այնքան լիարժեք էր ու ամբողջական, որ 1892-1899 թուականներուն Շանթը կը կարողանայ ուսումը շարունակել Լայպզիկի, Ենայի եւ Միւնիխի համալասարանները, խորանալով մանկավարժութեան եւ հոգեբանութեան մէջ։

 

Աւետիք Իսահակեան (1875-1957)

Ալեքսանդրապոլ ծնած, նախնական կրթութիւնը Հառիճի վանք ստացած Աւետիք Իսահակեան, 1889-1892 թուականներուն  ուսումը ստացած  է  Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարան։

Ճեմարան ընդունուած ժամանակ պատանի Աւետիքը արդէն ինքնուս բանաստեղծ էր, յայտնի՝ ընկերներու շրջանակին մէջ։ 1890-ին տասնհինգամեայ պատանին կը համարձակի իր գրած բանաստեղծութիւնը ներկայացնել ճեմարանի իր ուսուցչին` բանաստեղծ Յովհաննէս Յովհաննիսեանին։ Իսահակեան այս մասին հետագային գրած է. « Օր մը մեզի աւանդած դասէն անմիջապէս յետոյ, ճեմարանի մութ միջանցքին մէջ, սրտի ուժեղ բաբախումով մօտեցայ Յովհաննէս Յովհաննիսեանին եւ տուի իմ ոտանաւորը եւ խնդրեցի, որ կարդայ…

Խնամքով գրուած թղթի կտորը ձեռքէս բռնելով ըսաւ. «Երթանք պարտէզ»։ Գացինք ճեմարանի պարտէզի այն ծառուղին, որ «բանաստեղծ» աշակերտներուս մտորումներու եւ երազանքներու վայրն էր, ուր յաճախ ջղային քալուածքով կը շրջէր եւ ինքն իր հետ կը խօսէր անմահ Կոմիտասը` եղբայր Սողոմոնը, ինչպէս կը կոչէինք զինք փոքր աշակերտներս։

Ոտանաւորի խորագիրն էր «Երկու համբոյր»։ Կարդաց ինքն իրեն ըսաւ. «Սէր եւ մահ. բանաստեղծութեան մշտական նիւթը», յետոյ դարձաւ դէպի ինծի. «Ի հարկէ, այս գրածդ երեւակայութիւն է։ Վաղահաս։ Գրէ քու զգացածներու մասին։ Բաւական սահուն գրած ես… Վանկեր, յանգեր տեղին են, վատ չեն…Շարունակէ գրել, բայց շատ կարդա, զարգացիր եւ հայերէն լաւ սորվիր»։

Երբեմն-երբեմն նոր գրած ոտանաւորներս կը ներկայացնէի իրեն. սիրով կը կարդար, նկատումներ եւ ուղղումներ կ'ընէր, անգնահատելի խորհուրդներ կու տար։

Այսպէս կ'անցնէր ժամանակը դասերու եւ անուրջներու միջով։ Օր մը, 1892 թուականին ցոյց տուի նոր ոտանաւոր մը.

«Ծաղիկ էի նորաբողբոջ

Սարի լանջում, երկնի տակ…»

Կարդաց ոտանաւորս, նորէն կարդաց եւ քաղցր ժպիտով ըսաւ, ուսս թեթեւ խփելով.

Կեցցե՛ս, հիմա բանաստեղծ ես։

«Հիմա բանաստեղծ ես». այս խօսքը 19-րդ դարու հայ պոեզիայի վարպետը ըսած է 20-րդ դարու ապագայ վարպետին, երբ ան դեռ Գէորգեան ճեմարանի սան էր ու ընդամէնը տասնեօթ տարեկան։

 

Ակսել Բակունց (1889-1937)

Գորիս ծնած եւ տեղի Գորիսի ծխական դպրոցը աւարտած Ակսել Բակունցը (Ալեքսանդր Թեւոսեան) 1910 թուականին ընդունուած  է Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարան, որու դասարանային բաժինը աւարտած է 1917 թուականին։ Ճեմարան ստացած ազգային ու հայրենասիրական կրթութիւնը իր ազդեցութիւնը, անշուշտ, թողած է երիտասարդին վրայ։ Ուսումը աւարտելէն յետոյ ան 1917-1918 թուականին, որպէս   շարքային զինուոր մասնակցած է Աշկալայի, Իլլիճայի, Արտահանի կռիւներուն եւ Սարդարապատի ճակատամարտին։

Իսկ, թէ ճեմարանը ի՞նչ մտաւոր ու հոգեւոր բեռով ճանապարհած է  իր սանին, այդ կը բացայայտեն իր գրական երկերը։ Բակունցն ու անոր ստեղծագործութիւնը լաւագոյն ձեւով ներկայացուցած է Աւետիք Իսահակեանը.

Հայաստան կայ գրող մը, որու բառերը կ'երգուին կոմիտասեան յանգով եւ կը փայլատակին Սարեանի կտաւներու բոլոր գոյներով։ Այն Ակսել Բակունցն է։ Ան մեր արձակի ամենատաղանդաւոր ներկայացուցիչն է։

 

Դերենիկ Դեմիրճեան (1877-1956)

Ախալքալաք ծնած Դերենիկ Դեմիրճեանը նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի ծխական դպրոցը։ 1892 թուականին ընդունուած  է Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարան, ուր իր   գրական հայեացքներու ձեւաւորման գործին մէջ բարերար ազդեցութիւն ունեցած է  ճեմարանի ուսուցիչ, բանաստեղծ՝ Յովհաննէս Յովհաննիսեանը։ Դեմիրճեան իր «Ինքնակենսագրութեան» մէջ  կը գրէ.

Անմիջապէս փոխուեցան իմ հակումներն ու մտքերը։ Երրորդ եւ չորրորդ դասարաններու ուսման ընթացքը, որ ինծի հնարաւորութիւն տուաւ ծանօթանալ ռուս եւ Եւրոպական գրականութեան… Ես դուրս եկայ հայ գրականութեան սահմաններէն եւ անցայ համաշխարհային գրական մշակոյթի ասպարէզ։

1894 թուականին  ճեմարանի մէջ կը ծագի ուսանողական խռովութիւն, ուսանողները կը բողոքէին Արիստակէս եպիսկոպոսի տեսչութեան ժամանակ ճեմարանին մէջ կիրառուող խստութիւններուն դէմ։ Դեմիրճեանը խռովութեան չէ մասնակցած, սակայն իր դիմումի համաձայն թողած է ճեմարանը, ստանալով «բարի վարուց» վկայական։ Հնարաւոր է, որ այդ քայլին դիմելու համար իրեն յորդորած է խռովութեան պարագլուխ իր հորեղբօր որդին` Վահագն Դեմիրճօղլեանը։

Գրողը իր «Ինքնակենսագրութեան» մէջ  այս շրջանը կ'ամփոփէ ընդամէնը մէկ նախադասութեամբ.

1894-1895 թուականին  ճեմարանի մէջ պայթած աշակերտական խռովութեան հետեւանքով ես թողի էջմիածինը եւ գացի Թիֆլիս` Ներսիսեան դպրոց։