image

4-րդ օրն ըլլալով մարտերը կը շարունակուին. Լիբանանեան Բանակը ունեցաւ նոր զոհ մը

4-րդ  օրն ըլլալով մարտերը կը շարունակուին. Լիբանանեան Բանակը  ունեցաւ նոր զոհ մը

Լիբանանեան բանակի  ստորաբաժանումներ  4-րդ  օրն ըլլալով կը շարունակեն  «Տահէշ»ի դէմ ընթացք առած    զինուորական   գործողութիւնը, որ կը կրէ՝ «Լեռներու արշալոյս»ը  խորագիրը:

 Բանակի    դվիթըրեան  էջը  այս  առաւօտ գրառում մը կատարելով  յայտարարեց, որ բանակի   ստորաբաժանումները այսօր գործադրութեան պիտի   դնեն   ռազմական գործողութեանց   երրորդ     հանգրուանը:

Իր կարգին «Ալ Ժատիտ» կայանը,   բանակի աղբիւրներէն ստանալով իր տեղեկութիւնը   փոխանցեց, որ    այսօր առաւօտ  կանուխ  բանակի  զինուոր մը զոհուած   է, մինչ 4  այլ ուրիշներ  վիրաւորուած  են:  Դէպքը  պատահած է  Ռաս  Պաալպէքի  մերձ  եղող  «Ուատի ալ խըշըն»  շրջանին մէջ:

Նշենք, որ    շաբաթ   առաւօտ կանուխ ընթացք առած  ռազմական գործողութիւններուն      բանակի   4-րդ զինուորն է, որ կը զոհուի:

Լիբանանեան  բանակի   տասնեակ զինուորներ  վիրաւորուած են, որոնց մէջ է նաեւ   հայազգի     զինուոր Սեպուհ Կիրակոսեանը:

Մարտերը  կը շարունակուին եւ   լրատուական  կարգ մը աղբիւրներ յայտարարած են, որ       բանակը   վճռած է մինչեւ վերջ  կռուիլ «Տահէշ»ին դէմ եւ  ազատագրել   Ռաս Պաալպէքի եւ Ալ Քահի  լեռնային շրջանները: