Լիբանանեան բանակի ստորաբաժանումներ 4-րդ օրն ըլլալով կը շարունակեն «Տահէշ»ի դէմ ընթացք առած զինուորական գործողութիւնը, որ կը կրէ՝ «Լեռներու արշալոյս»ը խորագիրը:
Բանակի դվիթըրեան էջը այս առաւօտ գրառում մը կատարելով յայտարարեց, որ բանակի ստորաբաժանումները այսօր գործադրութեան պիտի դնեն ռազմական գործողութեանց երրորդ հանգրուանը:
Իր կարգին «Ալ Ժատիտ» կայանը, բանակի աղբիւրներէն ստանալով իր տեղեկութիւնը փոխանցեց, որ այսօր առաւօտ կանուխ բանակի զինուոր մը զոհուած է, մինչ 4 այլ ուրիշներ վիրաւորուած են: Դէպքը պատահած է Ռաս Պաալպէքի մերձ եղող «Ուատի ալ խըշըն» շրջանին մէջ:
Նշենք, որ շաբաթ առաւօտ կանուխ ընթացք առած ռազմական գործողութիւններուն բանակի 4-րդ զինուորն է, որ կը զոհուի:
Լիբանանեան բանակի տասնեակ զինուորներ վիրաւորուած են, որոնց մէջ է նաեւ հայազգի զինուոր Սեպուհ Կիրակոսեանը:
Մարտերը կը շարունակուին եւ լրատուական կարգ մը աղբիւրներ յայտարարած են, որ բանակը վճռած է մինչեւ վերջ կռուիլ «Տահէշ»ին դէմ եւ ազատագրել Ռաս Պաալպէքի եւ Ալ Քահի լեռնային շրջանները: