Լիբանանեան «Ալ Ախպար» թերթը կը հաղորդէ, որ Սէուտական Արաբիա պատուիրակութիւն մը ուղարկած է Պէյրութ, խորհրդարանական ընտրութիւններու նախաշեմին իրենց դաշնակիցներուն հետ հանդիպումներ ունենալու համար:
Թերթին համոզմամբ, Ռիատի համար այս պահուն անհնար էր դէպի Պէյրութ իր վերադարձը ուշացնել, այլապէս դժուար պիտի ըլլար իրեն համար ներքին ուժերուն վրայ իր ազդեցութիւնն ամրապնդել:
Փոխանցուած տեղեկութիւններուն համաձայն, պատուիրակութիւնը հանդիպում պիտի ունենայ նաեւ նախագահ Աուին, այնուհետեւ Հարիրիի հետ, սակայն տակաւին յստակ չէ, թէ արդեօ՞ք վերջինիս հետ հանդիպման ժամանակ ընտրութիւններու հարցին պիտի անդրադառնա՞ն, թէ ոչ: Պարզ է միայն այն, որ պատուիրակութիւնը Հարիրիին Ռիատ այցելելու հրաւէր պիտի տայ: