image
Հրատապ լուրեր:

Պանտար Պըն Սուլթան իշխանը երկար բացակայութենէ ետք կը յայտնուի

Պանտար Պըն Սուլթան իշխանը երկար բացակայութենէ ետք կը յայտնուի

Սէուտական Արաբիոյ թագաւորական դիւանը յայտարարած է երկրի Ազգային անվտանգութեան եւ հետախուզական ծառայութիւններու նախկին պատասխանատու Պանտար Պըն Սուլթանի այցը նշուած մարմիններու ուսումնասիրութիւններու եւ լրատուութեան կեդրոն:

Թագաւորական դիւանի խորհրդական Սէուտ Ալ Քահթանի իր թուիթըրեան էջին անդրադարձ կատարած է Պըն Սուլթանի «խրախուսական հայրական խօսք»ին, զոր գրանցած է պատուաւոր այցելուներու գրքոյկին մէջ, շեշտելով, որ այն հպարտութեան առիթ է բոլորին համար:

12 ժամեայ այցելութեան ընթացքին Պըն Սուլթան դիմաւորուած է թագաւորական դիւանի նախագահ Խալէտ Իսայի կողմէ, որուն ընթացքին 4 ժամ տեւողութեամբ դասախօսութիւն կարդացած է քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան շուրջ:

Նշենք, որ Պանտար Պըն Սուլթան երկու տասնամեակէ աւելի զբաղեցուցած է ԱՄՆ-ի մօտ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանի պաշտօնը, եւ 2015 թուականի սկիզբը թագաւորական հրամանով հեռացուած է հետախուզական ծառայութեան պետի պաշտօնէն:

Յիշեցնենք, որ  մինչեւ  վերջերս Պըն  Սըլման կը  համարուի Սէուտական թագաւորութեան գաղտնի սպասարկութեան մարմիններու կարեւոր ներկայացուցիչներէն մին: