Ամերիկայի Արեւմտեան ափի հայկական կազմակերպութիւնները գլխաւորութեամբ «Հայ Դատ»ի գրասենեակին հանդէս եկած են ուշագրաւ նախաձեռնութեամբ մը։
Նախաձեռնութեան հիմքով հայկական կազամկերպութիւնները 1.5 միլիոն չափաբաժին ճաշ պիտի տրամադրեն Ամերիկայի Արեւմտեան ափին մէջ բնակող կարիքաւոր ընտանիքներու։
Կը նշուի նաեւ, որ այս նախաձեռնութիւնը տեղի պիտի ունենայ 24 Ապրիլի Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու ոգեկոչման առընթեր, կերպով մը Ամերիկայի հասարակութեան չքաւոր խաւերուն ձեռք երկարելու, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութեան ահէն անցած, նահատակ դարձած ու կրկին անգամ յարութիւն առած մեր ժողովուրդի ապրելու կամքը ներկայացնելու եւ լոյսին բերելու նպատակով։
Նշենք, որ նախաձեռնութիւնը կը կրէ ՝ «Շնորհակալ ենք Ամերիկա» (America we Thank You), որուն շնորհիւ ալ մասնակիցները առիթը պիտի ունենան իրենց սրտաբուխ նուէրը ընելէ զատ, իրենց ընտանիքի պատմութիւնը հանրութեան ներկայացնելու։
Կարեւոր նախաձեռնութիւն մը եւ վարձքը կատար մեր հայրենակիցներուն։