image

139 նոր դէպք. «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 5 605-ի

139 նոր դէպք. «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 5 605-ի

Հայաստանի մէջ, 22 Օգոստոսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 42 616 դէպք, որոնցմէ 35 907-ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 5 605 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 193 693 քննութիւն:

Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 139 նոր դէպք եւ  214 առողջացած։

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 8 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 850):

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են  62 (կին), 64 (կին), 59 (կին), 87 (տղամարդ), 92 (տղամարդ), 90 (կին), 62 (տղամարդ) եւ 60 (կին) տարեկան: Բացի վերջինէն, մնացածը ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Արձանագրուած է մաճուան եւս 1 դէպք, երբ հիւանդներուն մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 254 է: