Թուրքիա- Թուրք ոստիկաններու կրակով 11- ամեայ քիւրտ պատանի մը սպաննուած է Շըրնախի մէջ: Այս մասին լուրը տրուած է մէկէ աւելի թրքական աղբիւրներու կողմէ: Նշենք, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները «Պարէտային ժամ» յայտարարած են Շըրնախի, Տիարպէքիրի եւ այլ մեծամասնութեամբ քրտաբնակ շրջաններու մէջ, իսկ սպաննեալ պատանին կը կոչուի Սալիհ Էտիմ: