6 Յուլիսին, ողբերգական դէպք տեղի ունեցած է Արմաւիրի մարզին մէջ։ Այս մասին յայտնած է Shamshyan.com-ը։
Ժամը 16։00-ի սահմաններուն ոստիկանութեան Բաղրամեանի բաժին ահազանգ ստացուած է, որ Արգինայի ջրատարին մէջ երեխայ ինկած է:
Ոստիկաններն ու քննիչները պարզած են, որ նոյն օրը, ժամը 13։45-ի սահմաններուն Արմաւիրի մարզի բնակիչ, 16-ամեայ Նարեկ Խ-ն Արտենի գիւղի վարչական տարածքին մէջ բերքահաւաք կատարելու ժամանակ իր 2 ընկերներուն Արտենի գիւղէն անցնող «Մայր առու» ջրատարի միջէն դուրս հանելու ժամանակ խորասուզուած է, ուրկէ մօտ 4.5 -5 քմ հեռաւորութեան վրայ՝ Արգինա գիւղի վարչական տարածքին մէջ, բնակիչներու օգնութեամբ դուրս բերուած է վերջինիս դին։
Դատաբժոշկի նախնական եզրակացութեան համաձայն՝ արտաքին զննութեամբ դիակի վրայ բռնութեան հետքեր չեն յայտնաբերուած։
Փաստի առթիւ Արմաւիրի մարզային քննչական վարչութեան մօտ նիւթեր կը նախապատրաստուին, քննիչի որոշմամբ նշանակուած է դատաբժշկական փորձաքննութիւն։