Գանատահայ մեր հայրենակից ՀՅԴ նուիրեալ անդամներէն՝ (բնիկ՝ Հալէպահայ) Ժան Հալլաճեան կը գրէ ՝
Դաշնակցութեան տունը դիմողը այլ վերաբերմունքի արժանի կ՛ըլլայ:
Աւելորդ տեղ շունչ չեմ ուզեր վատնել, պատասխանելով բոլոր այս իմաստով արտայատութիւննրուն: Նախ պէտք է ծանօթ ըլլա՛ք Թորոնթոյի եւ ընդհանրապէս Գանտահայութեան համայնքային Խմորումներուն եւ ասկէ առաջուայ գրառումներուս ու յօդուածներուս, վերջը խօսեցէ՛ք կամ քաշքշեցէք արտայայտութիւններս:
Զիս մի ուղղէ՛ք ձեր վիճաբանութիւններով ներքաշուիլ անարդիւնք վիճաբանական ասիւլիսներու: Հերոսապատումներ մի պատմէք: Ապրած ենք ու պիտի ապրինք գալիք իսկական հերոսապատումներ:
Յիշեցման կարգով ձեր ուշադրութեան յանձնեմ այն օրերը, երբ Լեւոն Տէր Պետրոսեան փափաք յայտնեց տեսակցելու Դաշնակցական ղեկավարութեան հետ եւ մենք հիւրընկալեցինք զինք Երեւանի Վրացեան կեդրոնէն ներս:
Պատկերացուցէ՛ք, երբ զինք դիմաւորող Դաշնակցական մարմիններու անդամներ կամ Դաշնակցականներ , պատեհ առիթը գտնելով զինք պախարակէին,նախատէին, արդարօրէն խոշտանգէին՝ բոլոր այն պատուհասներուն համար, որ բերաւ մեր ազգին եւ յատկապէս Դաշնակցութեան գլխուն:
Յիշատակելի պատմական օրինակ է նաեւ, թէ ինչպէս ձեռք երկարեցինք համայնավար Ս.Շահումեաններու եւ ազատեցինք զինք թշնամիին ձեռք իյնալէ՝ կալանաւորուելէ:
Դաշնակցութեան տունը դիմողը այլ վերաբերմունքի արժանի կ՛ըլլայ:
Դաշնակցական վեհանձնութեամբ ու խոհականութեամբ, թշնամիին ա՛լ կրնաս ծունկի բերել:
իսկ Իշխանութիւններու օրակարգով, աւելի ուշ, այլ տեղ պիտի յիշեցնեմ իմ մտածումներս, գրառումներուս-յօդուածներուս ընդմէջէն, երբ շատեր գինովցած էին նորելուկ իշխանաւորներու յեղափոխութեամբ,ես բուռն՝ գէթ գրչովս, կը մերկացնէի իրենց գձուձ վարքը:
Զուտ զգացական աշխարհի գործօններու ազդեցութեամբ եւ այդկէ մեկնած, կարելի չէ՛ կեցուածք որդեգրել կամ քաղաքականութիւն մշակել: Այդ մէկը կ՛ըլլայ միա՛յն ԴԻՄԱՏԵՏՐԻ պոռթկումներու սահմանին մէջ, ուր այդտեղ ա՛լ կը խեղդուին:
Ամէն արարք, նախքան գործադրելը, անոր բացասական եւ դրական կողմերը նժարի մէջ դնելով պիտի եզրակացնես անոր իրագործումը , մանաւանդ բազմերես խնդիրներ ունեցող հարցեր:
Փորձեցի վերեւի գրառումովս պարզել կացութիւն ,որուն արդիւնքը դո՛ւք հեռուն նստած պիտի չկարենաք պատկերացնել իր ամբողջութեան մէջ , քանի ձեզ կը պակսին շատ մը մանրամասնութիւններ այդ կապակցաբար:
Հասկնալով հանդերձ ձեր զայրոյթի տուն տուող բոլոր պատճառաբանութիւնները, քիչ մը համբերանք կը թելադրեմ, շուտիկութիւն եւ արագ հակազդեցութիւններէ հեռու մնացէ՛ք: Աւելի ուշ, նաեւ կը պարզաբանեմ աւելիո՛վ, երբ պաշտօնական մարմիններ ե՛ւս արտայայտուին այս մասին: