image

Դաշնակցութեան տունը դիմողը այլ վերաբերմունքի արժանի պէտք է ըլլար. Ժան Հալլաճեան

 Դաշնակցութեան տունը  դիմողը  այլ վերաբերմունքի արժանի  պէտք է ըլլար. Ժան Հալլաճեան

Գանատահայ մեր հայրենակից ՀՅԴ նուիրեալ անդամներէն՝  (բնիկ՝ Հալէպահայ)  Ժան Հալլաճեան կը գրէ ՝

 

Դաշնակցութեան տունը դիմողը այլ վերաբերմունքի արժանի կ՛ըլլայ: 

 

Աւելորդ տեղ շունչ չեմ ուզեր վատնել, պատասխանելով բոլոր այս իմաստով արտայատութիւննրուն: Նախ պէտք է ծանօթ ըլլա՛ք Թորոնթոյի եւ ընդհանրապէս Գանտահայութեան համայնքային Խմորումներուն եւ ասկէ առաջուայ  գրառումներուս ու յօդուածներուս, վերջը խօսեցէ՛ք կամ քաշքշեցէք արտայայտութիւններս: 

Զիս մի ուղղէ՛ք ձեր  վիճաբանութիւններով ներքաշուիլ  անարդիւնք վիճաբանական ասիւլիսներու: Հերոսապատումներ մի պատմէք: Ապրած ենք ու պիտի ապրինք  գալիք իսկական հերոսապատումներ:

Յիշեցման կարգով ձեր ուշադրութեան յանձնեմ այն օրերը, երբ Լեւոն Տէր Պետրոսեան փափաք յայտնեց տեսակցելու Դաշնակցական ղեկավարութեան հետ եւ մենք հիւրընկալեցինք զինք Երեւանի Վրացեան կեդրոնէն ներս:

Պատկերացուցէ՛ք, երբ զինք դիմաւորող Դաշնակցական մարմիններու անդամներ կամ Դաշնակցականներ , պատեհ առիթը գտնելով զինք պախարակէին,նախատէին, արդարօրէն խոշտանգէին՝ բոլոր այն պատուհասներուն համար, որ բերաւ մեր ազգին եւ յատկապէս Դաշնակցութեան գլխուն:

Յիշատակելի պատմական օրինակ է նաեւ, թէ ինչպէս ձեռք երկարեցինք համայնավար Ս.Շահումեաններու եւ ազատեցինք զինք թշնամիին ձեռք իյնալէ՝ կալանաւորուելէ:

Դաշնակցութեան տունը դիմողը այլ վերաբերմունքի արժանի կ՛ըլլայ: 

Դաշնակցական վեհանձնութեամբ ու խոհականութեամբ, թշնամիին ա՛լ կրնաս ծունկի բերել:

իսկ Իշխանութիւններու օրակարգով, աւելի ուշ, այլ տեղ պիտի յիշեցնեմ իմ մտածումներս, գրառումներուս-յօդուածներուս ընդմէջէն, երբ շատեր գինովցած էին նորելուկ իշխանաւորներու յեղափոխութեամբ,ես բուռն՝ գէթ գրչովս, կը մերկացնէի իրենց գձուձ վարքը:

Զուտ զգացական աշխարհի գործօններու ազդեցութեամբ եւ այդկէ մեկնած, կարելի չէ՛ կեցուածք որդեգրել կամ քաղաքականութիւն մշակել: Այդ մէկը կ՛ըլլայ միա՛յն ԴԻՄԱՏԵՏՐԻ պոռթկումներու սահմանին մէջ, ուր  այդտեղ ա՛լ կը խեղդուին:

Ամէն արարք, նախքան գործադրելը, անոր բացասական եւ դրական կողմերը նժարի մէջ դնելով պիտի եզրակացնես անոր իրագործումը , մանաւանդ բազմերես խնդիրներ ունեցող հարցեր:

Փորձեցի վերեւի գրառումովս պարզել կացութիւն ,որուն արդիւնքը դո՛ւք հեռուն նստած պիտի չկարենաք պատկերացնել իր ամբողջութեան մէջ , քանի ձեզ  կը պակսին շատ մը մանրամասնութիւններ այդ կապակցաբար: 

Հասկնալով հանդերձ ձեր զայրոյթի տուն տուող բոլոր պատճառաբանութիւնները, քիչ մը համբերանք կը թելադրեմ, շուտիկութիւն եւ արագ հակազդեցութիւններէ հեռու մնացէ՛ք: Աւելի ուշ, նաեւ կը պարզաբանեմ աւելիո՛վ, երբ պաշտօնական մարմիններ ե՛ւս արտայայտուին այս մասին: