Ամերիկեան «The Street» ամսագիրը Հայաստանի մասին զբօսաշրջային ուղեցոյց մը հրապարակած է՝ երկիրը ներկայացնելով որպէս միջազգային ճամբորդներու համար անպայման այցելութեան արժանի ուղղութիւն։ Հեղինակ Վերոնիքա Պոնտարենկօ կը նշէ, որ Հայաստան երկար ժամանակ դուրս մնացած էր միջազգային զբօսաշրջային ուշադրութեան կեդրոնէն, սակայն այսօր երկիրը թեւակոխած է նոր փուլ մը, երբ, իր բնորոշմամբ, «աստղը վերջապէս կը փայլի»։
Ուղեցոյցը կը մատնանշէ Հայաստանի զբօսաշրջութեան արագ աճը՝ նշելով, որ 2026-ի առաջին կէսին երկիր այցելած է շուրջ մէկ միլիոն օտարերկրացի զբօսաշրջիկ։ Հեղինակը յատկապէս կը յանձնարարէ այցելել Տաթեւի, Խոր Վիրապի եւ Նորավանքի վանքերը, Երեւանի Քասքատն ու Քաֆէսճեան արուեստի կեդրոնը, ինչպէս նաեւ Սեւանն ու Դիլիջանը։
Հրապարակման մէջ առանձին տեղ կը յատկացուի նաեւ հայկական խոհանոցին, Երեւանի յայտնի ճաշարաններուն եւ ժամանցի վայրերուն՝ Հայաստանը ներկայացնելով որպէս միջազգային զբօսաշրջութեան համար աստիճանաբար աւելի գրաւիչ դարձող ուղղութիւն։