image

Հալէպի «Արեւելք» հաստատութիւնը՝ Սուրիահայութեան փարոսը. Գրեց՝ Ժան Հալլաճեան

Հալէպի «Արեւելք» հաստատութիւնը՝ Սուրիահայութեան փարոսը. Գրեց՝ Ժան Հալլաճեան

«Արեւելք» անունը ամուր պորտակապով զօդուած է հալէպահայութեան եւ ընդհանրապէս սուրիահայութեան կեանքին: Շատերու յիշողութեան մէջ ան ամրագրուած է սոսկ վաճառանական հասութաբեր  տպարանի իր հանգամանքով, ի տես նորօրեայ տարազին: Պէտք է ընդունինք, որ թէեւ այս օրերուն կը գործէ որպէս տպարան, սակայն ըլլա՛յ պատմականօրէն,  ըլլա՛յ այս օրերու իր տարազով, կը յամենայ գործել որպէս հաստատութիւն, որպէս ոգեղէն ներկայութիւն, որ ժառանգած է վաղեմի օրերու իր անուանակոչութիւնը, եւս առաւել իր կոչումը, որպէս կենսատու մատակարար՝ հայ մշակոյթի մէկ կարեւոր դիմագիծին:

Հետեւաբար, ան սոսկ տպարան չէ, այլ  հաստատութիւն մը, որ կը խտացնէ կարեւոր հանգրուանի մը սուրիահայութեան հաւաքական յիշողութիւնը, դառնալով  փարոսը անոր մշակութային կեանքի եւ դարբնոցը արեւմտահայ գրիչին։

Այս հաստատութեան արգասաբեր արգանդէն ծնաւ «Արեւելք» օրաթերթը, 23 Յունիս 1946-ին, որ 1956-ին ունեցած է պատանեկան յաւելուած՝ «Վահագն»-ը, նաեւ 1948-ին «Արեւելք» տարեգիրքը: Իսկ 1957-էն վերջ «Արեւելք Մարզաշխարհ»-ը:

Այս բոլոր հրատարակութիւնները կը միտէին ողջ պահել գաղթաշխարհի հայութեան մէջ Երկրի յիշատակները, առկայծ փայփայել ազատ անկախ Միացեալ Հայաստանի գաղափարը եւ միեւնոյն ժամանակ անկեղծ հաւատարմութիւն տածել հիւրընկալ նոր երկիրներուն եւ անոնց ժողովուրդներու արդար դատերուն:

«Արեւելք» օրաթերթը սոսկ լուր սփռողի դերով չէր ներկայանար: Անոր առաջնորդող յօդուածները, կարօտաբաղձ հայ գաղթական զանգուածներուն յոյս ներշնչող, պայքարունակ ոգի ջրդեղող ու ինքնավստահութեամբ՝ ապագային սեւեռող նշաձողը հանդիսացաւ: Անոր էջերուն ընդմէջէն կը հանդիպէինք ազգային կեանքը յուզող իրա-դարձութիւններու կուռ մեկ-նաբանութեան, մշակու-թային յատուկ ճաշակ, քաղաքական մշակուած մտքերու արդարացի կողմ-նորոշումներով հարուստ վերլուծումներ ու գաղու-թային կեանքը արտա-ցոլացնող յօդուածներ:

Այսպէս, այդ հարըստութեան բարոյական ժա-ռանգին տէր դառնալու հրաւէրը ստացայ, վարելու «Արեւելք» տպարանի տնօրէնութիւնը: Այդ ծանր որոշումը գոյացնելու երկմտանքի մէջ էի, որովհետեւ մեծանուն Հրաչ Փափազեաններու եւ Աւետիս Ինճէճիկեաններու անուններու ու վաստակին, յետնորդներու դերին մէջ կը տեսնէի իմ բերելիք ներդրումը, բան մը, որ այնքա՜ն ծանր կը կշռէր իմ մատղաշ երիտասարդական խանդոտ տրամաբանութեանս ու համոզումներուս վրայ: Հետեւաբար, համարձակ այո՛ն տատամսելով արտասանեցի ստանձնելով այդ հիմնարկին տնօրէնութիւնը: Միւս կողմէ, Արցախեան գոյապայքարի մարտահրաւէրները ու անոր կարիքներուն հասնելու հանրային կեանքի ընձեռնած ազատ բեմի գործելու կարելիութիւնը հաշուի առած, յաջս պետութեան ա՛լ անձիս հանդէպ քօղի մը տրամաբանական ծածկոյթի հանգամանքը հաշուի առնելով, ԱՅՈ-ն ամրագրուեցաւ այդ տուեալներուն լոյսին տակ եւ տատամսոտ մօտեցումը՝ վերածուեցաւ ինքնավստահ քայլերով ստանձնելու առաջադրուած պատասխանատու նոր յանձնառութիւնը:  

Այսպէս, արհեստավարժ երկրաչափի եւ կազմակերպական վարչական ունակութիւններս միախառնելով տպարանի տնօրէնի հանգամանքիս, համեմելով զանոնք ազգային գործիչի պարտա-ւորութիւններուս հետ, կեանքիս կարեւոր մէկ հանգրուանը անցուցի այդ յարկին ներքեւ:

Թէեւ առաւելաբար վարչական գործերով սահմանուած էր պատասխանատուութիւններս, սակայն, ի պատիւ հայ տպագրական աշխարհի անձնդիր ծառաներու, յանձինս վարպետ Ճորճ Արապաթլեանի, գրաշար Սմբատ Գրիգորեանի եւ հոյլ մը անձնակազմի փափկասուն օրիորդներու գողտրիկ ներկայութեան, ժամանակի թաւալումով ծանօթացայ տպագրական աշխարհի արհեստավարժ մանրա-մասնութիւններուն, ուսուցանող, փոխադարձ յարգանքի եւ երախտաշատ մթնոլորտի ներքեւ, ուր նաեւ յաջողեցանք այդ մթնոլորտը վերածել մէկ ընտանիքի հասկացողութեան, ուր մէկը բոլորին համար եւ բոլորը մէկին համար էր: 

Վրան գումարած, իրարայաջորդ վարչական օժանդակ մարմիններու ընկերներու հոգատար նեդրումը, իրենց խորհրդատուի լրացուցիչ դերով, աջակիցի ներկայութեամբ տպարանի կեանքէն ներս, ամրագրեցին ընտանիքի հասկացողութիւնը եւ բոլոր դժուարութիւնները ու յաջողութիւնները այդ շրջագիծին մէջ լրացուեցան եւ մէկ յայտարարի վերածուեցաւ տնօրէնութեան, անձնակազմի ու վարչական խորհրդատու մարմինի դերակատարութիւնը, որուն հիմնական առանցքը կը կազմէր պահել «Արեւելք»-ը որպէս անշիջող, հատու ժառանգ, հայկական հաստատութիւններու ճառագայթող արեգակներու կողքին:

Արդի ժամանակներու տպարան Արեւելքի մակընթացութեան շրջագիծը երկարեցաւ,  թակելով նորակառոյց «Գանձասար» Շաբաթաթերթի տրամադրուած գրասենեակը, որ «Արեւելք» տպարանի «Օշական» շէնքի տարածքին մէջ, Օֆսէթ տպագրութեան եւ ֆիլմերու մոնթաժի յարակից գրասենեակներէն էր: Այս  քոյր կառոյցը կեանքի կոչելու օրուան պատասխանատու մարմիններու յանդուգն մէկ որոշումի արգասիքն էր: «Արեւելք» թերթի շառաւիղներով կրկին կեանքի կոչուեցաւ անոր ոգիի թելադրականութիւնը արտացոլացնող նոր կառոյց մը, յանձն առնելով բազում մարտահրաւէրներ ու յաղթահարելով այլազան դժուարութիւններ՝ ինչպիսիք են՝ պետական, ֆինանսական եւ մամլոյ արհեստավարժ ձեռնհաս մարդուժի առկայութեան խնդիրները:

Այս բոլորին մէջ, առիւծի բաժինի իրագործումը պէտք է համարել մատղաշ անձնակազմին՝ գրաշարին, համադրողին, աշխատակիցին եւ խմբագիրին այս «մարտակոչին» ընդառաջելու «համարձակութինը», պատրաստ մենամարտելու մամլոյ նուրբ եւ պատասխանատու յորձանքոտ ջուրերուն մէջ, զրահապատուած  միա՛յն անձնդիր գործի տենդով եւ անկարելին՝ կարելի դարձնելու աչքառու վճռականութեամբ:

Այսպէս, ծնունդ առաւ շաբաթական հերթականութեամբ գրաւոր բանբեր մը, գաղութային կեանքի զանազան երեսներուն եւ համահայկական անձուդարձերուն  հարազատ վաւերական թարգմանը հանդիսացող բեմահարթակ մը: Նախկին «Արեւելք»-ը բոցավառեց «Գանձասար»-ը՝ արդի համազգեստով զարդարուն, խաղաղացնելով նախկին «Արեւելք» օրաթերթի երախտաշատ խմբագիրներու՝ Մինաս Թէօլէօլեանի, Անդրանիկ Ծառուկեանի, Միհրան Հերարդեանի, Լուտէր Մասպանաճեանի եւ բազում այլ նուիրեալներու հոգիները:

Վստահաբար, անդէականէն, այդ տիտանները հուռաներով ողջունեցին այս մարտահրաւէրը ու նոր օրերու դերատի գաղափարի մարտիկներուն յաջողութիւն մաղթեցին, անկատար տենչերու երթը շարունակելու եւ կրկին ծաղկեցնելու սուրիահայ մամուլի խամրացած պուրակը: 

Քանի մը բառ «Արեւելք»-ի արտօնատէրերու մասին: Ինչպէս ծանօթ էք, որեւէ մամուլ որպէսզի գրանցուի՝ պէտք է անպայման արձանագրուած ըլլայ հաստատութեան մը, կուսակցութեան մը եւ կամ արտօնատէրի մը անունով: Արեւելքը, տարիներու վրայ երկարած, ունեցած է քանի մը արտօնատէրեր, ինչպիսի են Հրաչ Փափազեան, տոքթ. Աւետիս Ինճէճիկեան, Ներսէս Պարսումեան եւ Աբրահամ Գաթարոյեան: 

Թերեւս ամէնէն անծանօթը այս ներկայացուած անձնա-ւորութիւններուն մէջ՝ վերջինն է: Սակայն հետաքրքրական դրուագներ կան կապուած այս անձնաւորութեան հետ: Այսպէս, պաշտօնավարութեանս սկզբնաւորութեան, այլազան առիթներով պետական արդիւնաբերութեան եւ արհեստագիտական զարգացումի գրասենեակէն կամ մամլոյ տնօրէնութենէն այցելուներ կþունենայինք եւ կը խնդրէին հանդիպիլ արտօնատիրոջ կամ հրաւիրել զինք տեսակցութեան մը, կամ նոյնիսկ տուգանել անուանատիրոջ, որոշ բացթողումներու համար:  

Կը դժուարանայի բացատրել ներկայացած պաշտօնեային, որ հաստատութիւնը օրին արձանագրուած է Աբրահամին անունով ե՛ւ խնդրոյ անձնաւորութիւնը նոյնինքն Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդն է, Գերշ.  Տէր Սուրէն Արք. Գաթարոյեանը, որուն  աւազանի անունը Աբրահամ է եւ կարելի չէ, որ ներկայանայ ձեր գրասենեակը կամ հանդիպի քննելու տուեալ հարցը: Այս մթնոլորտներուն առթած մղձաւանջը, զիս մղեց ընդունելի ձեւակերպումով վերջնական լուծումի քայլ առնել եւ արտօնատէրը փոխանակ անձնաւորութիւն մը ըլլալու, նոյնինքն առաջնորդարանի անունով փոխարինել ու գրանցել զայն պետական համապատասխան գրասենեակներու մօտ: Այդ գործընթացը վստահեցանք քաջարի հանցուցեալ ընկ. Գրիգոր Խաչատուրեանին, որ հանրածանօթ էր իր ազգօգուտ հանրային կամաւոր ծառայութիւններով: Այսպէս, օգտագործելով պետական յարաբերական իր միջոցները, յաջողեցանք մեր փափաքած ձեւակերպումով արտօնագիրը ձեռք ձգել: Անշուշտ, ընկերոջ օրինակը զարտուղի երեւոյթ չէր ծառայելու իմաստով: Հալէպի մէջ յատկապէս եւ Սուրիոյ տարածքին ընդհանրապէս, անձնդիր ծառայութեան այնքա՜ն համակիր կամաւորներու  հարուստ շրջանակ մը ունինք, որ այդ անփոխարինելի գանձը՝ միայն պարծանք եւ հպարտութիւն կþառթէ բոլորիս:

Ինչպէս ծանօթ է շատերուն, տպագրական արհեստը առնչուած է կապարի գործածութեան հետ: Առ այդ, տպարան «Արեւելք»-ի բանուորները անխտիր, սննդական խնամատարութեան կþարժանանային, կաթ եւ հաւկիթի օրական պարտադիր մատուցումով, առաւել պարտադիր բժշկական տարեկան հերթական  ընդհանուր քննութեան: 

Տուեալ  շրջանին, «Արեւելք» հաստատութիւնը որդեգրեց հայերէնով հաշուապահական տոմարակալութիւն, հաշուապահի եւ առանցին գանձապահի պաշտօնեայի դրութեամբ: Նաեւ,  աշխատանքի եւ շտեմարանի պահեստի ապրանքներու ստոյգ թուական պատկերի արձանագրութեան գործընթաց, ուր ամէն պահու համար՝ պատրաստի թուղթի պահեստի պատկերը եւ պատրաստ գումարի վիճակը ձեռնտու էր պատասխանատու վերահսկիչ մարմիններուն:

Տպարան «Արեւելք»-ը ժողովուրդի տպագրական կարիքներուն ծառայելու հաստատութիւն ըլլալու կողքին, նաեւ հանդիպման հասցէ էր դուրսէն այցելու ականաւոր հայ հիւրերուն, որոնք կը փափաքէին ծանօթանալ հաստատութեան պատմութեան եւ մատուցած ծառայութիւններուն: նաեւ հետաքրքրական հանդիպման ամէնօրեայ վայր էր բոլոր անոնց, որոնք շրջանի բնակիչներ ըլլալով կը հանդիպէին, ստանալու համար «Ազդակ» օրաթերթը եւ այդ մէկը պատճառ կþըլլար զրոյցները երկարելու հինէն-նորէն, քաղաքական եւ մշակութային թեմաներով հարուստ՝ երբեմն վերածուելով բուռն զրոյցներու:

Այս ամէնուն մէջ յատուկ տեղ կը գրաւէին հանգուցեալ ընկեր Զաւէն Սապունճեանի մտերմիկ ամէնօրեայ այցելութիւնները: Երկա՜ր տարիներու ընթացքին, խմբագրած ըլլալով «Արեւելք Մարզաշխարհ»-ը ու ծանօթ ըլլալով ականաւոր վաղեմի օրերու գրիչներուն ու խմբագիրներուն, հաճոյքով լսարան կը գտնէր գրասենեակիս մէջ, փոխանցելով իր յուշերը ու տպաւորութիւնները, համեմուած իր իւրայատուկ պատմումի հաճոյալի ոճով: 

Այսօրուան  անձնակազմն ու պատասխանատուները վստահ եմ նոյն ուժգնութեամբ կը գիտակցին այդ հսկաներու ոգեղէն ժառանգի ծանրութեան ու իրենց վստահուած պատասխանատուութեան եւ համապատասխան ջանքով, անխափան կը շարունակեն անոնց անմնացորդ նուիրումով հայ մամուլի ու հրատարակչական առաքելութեան անխափան երթը:

Մինաս Թէօլէօլեանի, Միհրան Հերարդեանի, Երուանդ Մոնոֆարեանի, Լուտէր Մասպանաճեանի եւ Արեւելքի նուիրեալներու հսկայ փաղանգի ոգին, դեռ եւս կը թեւածէ Արեւելքի յարկին ներքեւ: 

Ծառուկեանի «Թուղթ Առ Երեւան»-ի մանկաբարձը «Արեւելք»-ի եւ «Նայիրի»-ի արգասաբեր շեմն է, եւ «պանդուխտներին հայրենիք կանչես, հէյ ջան Երեւան»-ը իր շեփորէն դեռ եւս հարազատօրէն եւ  բարձրաձայն կ՚արձագանգէ «Արեւելք»-ի պատերէն անդին, ալեկոծելով համայն հայաշխարհի տատանող հայրենաբաղձ հոգիները:

 

Ժան Հալլաճեան