Հայաստանն ու Թուրքիան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ շարք մը հարցերու շուրջ բաւականին լայն փոխըմբռնում ունին:
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին ըսած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը Ազգային Ժողովի մշտական յանձնաժողովներու համատեղ նիստին «ՀՀ 2023 թուականի պետական պիւտճէի կատարման մասին» տարեկան հաշուետւութեան քննարկման՝ անդրադառնալով տարբեր երկիրներու հետ յարաբերութիւններուն:
«Մի շարք հարցերի շուրջ ունենք բաւականին լայն փոխըմբռնում: Ակնյայտօրէն արդէն ժամանակն է, որ մենք տեսնենք նաեւ գետնի վրայ կոնկրետ իրականացուող պայմանաւորուածութիւններ»,-ըսած է Միրզոյեանը:
Ան նշած է, որ պայմանաւորուածութիւններ կեանքի չեն կոչուիր 3-րդ այլ գործօններով պայմանաւորուած, սակայն, չէ յստակեցուցած՝ ինչ գործօններու մասին է խօսքը։
«Մեր ակնկալիքն է Թուրքիայից, որ պայմանաւորուածութիւնները սկսեն իրականանալ»,- յայտարարած է Միրզոյեան։
Սահմանադրութեան փոփոխութիւնները Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւններու օրակարգի մաս չեն
Ե՛ւ Հայաստանը, ե՛ւ Ատրպէյճանը իրար սահմանադրութիւններու մէջ խոչընդոտներ կը տեսնեն երկարատեւ խաղաղութեան հաստատման համար, սակայն ատոնց մէջ փոփոխութիւններ ընելու հարցը երկու երկիրներու բանակցութիւններու օրակարգի մաս չի կազմեր:
Նոյն նիստին այս մասին եւս ըսած է արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը՝ անդրադառնալով ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեանի հարցին։
«Ե՛ւ Ադրբեջանը, ե՛ւ Հայաստանը բարձրաձայնել են դիրքորոշում՝ համաձայն որի իւրաքանչիւրը միւսի Սահմանադրութեան մէջ էական խնդիրներ եւ խոչընդոտներ է տեսնում երկարատեւ խաղաղութեան հաստատման համար: Սա ամենեւին չի նշանակում, որ, օրինակ Հայաստանում սահմանադրական փոփոխութիւնների հարցը Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ բանակցութիւնների առարկայ է կամ օրակարգի մաս, այդպիսի բան չկայ»,-ըսած է Արտաքին գործոց նախարարը։
Ան աւելցուցած է՝ համոզմունք ունին, որ ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Ատրպէյճանի Սահմանադրութիւնը մեծ հաշուով չի կրնար խնդիր ըլլալ իրաւական առումով երկարատեւ խաղաղութեան հաստատման համար:
«Հայաստան-Ադրբեջանի բանակցութիւնների օրակարգի մաս ո՛չ մեր, ո՛չ իրենց Սահմանադրութեան փոփոխութիւնները չեն կազմում»,-կրկնած է Միրզոյեանը:
Արտաքին գործոց նախարարը յիշեցուցած է, որ ՀՀ կառավարութիւնը Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան մասին խօսած է դեռ 2018 թուականէն: Սա Հայաստանի գործն է, ներքին որոշելիք է: