image

Կայացած է Միրզոյեան-Շայպանի հանդիպում

Կայացած է Միրզոյեան-Շայպանի հանդիպում

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 81-րդ նստաշրջանի աշխատանքներուն շրջագիծէն ներս՝ Հայաստանի արտաքին գործերու եւ միջազգային առեւտուրի նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցած է Սուրիոյ արտաքին գործերու եւ արտագաղթեալներու հարցերով նախարար Ասատ աշ-Շայպանիի հետ՝ Նիւ Եորքի մէջ։

Ի շարունակութիւն նախորդ շփումներու՝ զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան-Սուրիա երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման հնարաւորութիւնները, այդ շարքին՝ շփումներու աշխուժացման եւ բարձր մակարդակով փոխայցելութիւններու միջոցով:

Միտքեր փոխանակուած են տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութեան խթանման հեռանկարներու շուրջ: Երկուստեք ընդգծուած է մարդասիրական հարցերու հասցէագրման ուղղութեամբ համագործակցութիւնը շարունակելու պատրաստակամութիւնը:

Նախարար Միրզոյեանը նշած է նաեւ Սուրիոյ մէջ հայկական համայնքի դերը՝ որպէս երկու ժողովուրդները սերտ կապող գործօն: